ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԳԱՀԻՐԷ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աւարտեց դէպի Եգիպտոս այցելութիւնը։ Գահիրէի մէջ, բացի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ ընդունուելէ, Ֆիտան մէկտեղուեցաւ նաեւ իր պաշտօնակցին Պետիր Ապտիւլաթիի հետ։
Երկու նախարարներու Գահիրէի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆիտան ընդգծեց, որ Կազզէի մէջ առկայ վայրագութեան կասեցման շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են։ Իր խօսքով՝ Եգիպտոս միջնորդ ըլլալու համար շատ ջանք գործադրած է, սակայն, Իսրայէլ խաղաղութիւն չ՚ուզեր։ Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը ջանայ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս հրդեհ մը հրահրել եւ ան պէտք է դատուի։ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մշտական խաղաղութեան հաստատման ճանապարհը կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետութեան մը հիմնադրումէն։ Իսրայէլ այս նիւթին շուրջ չի կրնար պարտադրանք կատարել», ըսաւ ան ու կրկնեց, որ Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանութիւն մը կը կատարուի։
Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի անցեալ փետրուարին դէպի Գահիրէ պատմական այցելութիւնով Թուրքիա-Եգիպտոս կապերը ահաւոր թափ ստացան։ «Երբ մեր տարածաշրջանը կրակով շրջապատուած է, նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերենք, որպէսզի Եգիպտոսի մեր եղբայրներուն հետ անմիջական խորհրդակցութեան մէջ ըլլանք», ըսաւ ան։
Ֆիտանի շփումներուն ընթացքին շօշափուած են նաեւ Սիսիի՝ Թուրքիա նախատեսուած այցելութեան պատրաստութիւնները։ Ֆիտան տեղեկացուց, որ այս այցին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիա-Եգիպտոս բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի առաջին նիստը։