ՆԱԽ ԹԵՀՐԱՆ ԱՊԱ ՊԱՔՈՒ
Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վիճակ մը կը ստանայ։ Իրանի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ռուսաստանի հետ անմիջական շփումները կ՚ընթանան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փեզեշքիան զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Ռուսաստան միշտ դժուար պահերուն Իրանի կողքին եղած է եւ նման ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է։ Ան անհրաժեշտ նկատեց Թեհրան-Մոսկուա համաձայնագրերու իրականացման արագացումը։
Միւս կողմէ, Թեհրանի շփումները աւարտելէ վերջ Սերկէյ Շոյկու անցաւ Պաքու։ Ան Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը նախազգուշացնէ, որպէսզի Իսրայէլի ի նպաստ որեւէ միջամտութիւն չկատարէ՝ Իրանի դէմ գործողութիւններու պարագային։ Շոյկու Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ ներկայութեամբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու։