ՉԿԱՅ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՆԷՇ, ՈՐԵՒԷ ՓՇԱԼԱՐ

Ինչպէս «նախկինները» 2018 թուականի գարնան` իշխանութիւնը բողոքող ցուցարարներէն դարձեալ փշալարերով կը պաշտպանուի։

Երբ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» յաղթեց, նոր իշխանաւորները խրոխտ ձայնով կը յայտարարէին, որ Հայաստանի փողոցներուն մէջ այլեւս փշալարեր պիտի չըլլան։ Իբր թէ, ամբողջ հասարակութեան մէջ (եթէ քանի մը «հակայեղափոխական» հանենք) այնպիսի փոխըմբռնում ու ներդաշնակութիւն կայ, որ իշխանութիւնը փշալարերով պաշտպանուելու կարիք պիտի չունենայ: Կամ, ինչպէս Թաթան կ՚երգէր՝ «չկայ ոչ մի պատնէշ, ոչ մի փշալար՝ ազատութեան ճանապարհին հայերու համար»:

Թէեւ Թաթա Սիմոնեանի երգերուն «ժանրը» իմ սրտով չէ, բայց, բարձր կը գնահատեմ անոր տաղանդը եւ ամենեւին չեմ փորձեր կշտամբել զինք կամ ոեւէ մէկը, որ հրճուանք մը կ՚ապրէր 2018-ին։

Ես ինքս, թէեւ «յեղափոխական թմրածութեան» տակ չէի, կը հասկնայի ու հիմա ալ կը հասկնամ՝ այն ինչ որ դատապարտուած է փոխուելու, պէտք է փոխուի: Ես այն ժամանակ կը կանխատեսէի՞, որ ՔՊ-ականները, «նախկիններուն» նման, պիտի սոսնձուին իրենց աթոռներուն եւ միայն իրենց նիւթական բարիքներով պիտի մտահոգուին։

Սպասելի՞ էր, որ անոնք, ճիշդ նոյն ձեւով, «պէրէներով» ու փշալարերով պիտի պաշտպանեն իրենց աթոռները: Այո՛, այդ ամէնը դժուար չէր կանխատեսել՝ հաշուի առնելով յեղափոխութիւն-ներու դարաւոր փորձը:

Այդ առումով, 2018 թուականին պարզ էր, որ ամէն ինչ պիտի ընթանայ մօտաւորապէս այնպէս, ինչպէս հիմա կ՚ընթանայ։ Խոստովանիմ, թէ մտքիս ծայրով նոյնիսկ չէր անցներ, որ յեղափոխական իշխանութեան պատճառով ազգային աղէտ մը տեղի կ՚ունենայ։ Այս առումով, ինծի համար «ներկաները» վատ իմաստով կը տարբերին «նախկիններէն»:

Խնդիրները, որոնք առկայ էին 2018 թուականին, հիմնականօրէն մնացած են նոյնը։ Ատոնց վրայ աւելցած է սարսափելի պարտութիւնը, որուն «հեղինակները» կը շարունակեն վայելել իրենց աթոռները՝ Հայաստանի մէջ ընդունուած ոճով։

Ու կրկին փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան ընդառաջ` «հակայեղափոխութիւն» բառը զիս բոլորովին չի լարեր։ Եթէ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, ի սատարումն Հայաստանի յեղափոխական իշխանութիւններուն, կ՚առաջարկեն մեր երկիր զօրք մտցնել, ապա «հակայեղափոխութիւնը» ամենեւին մերժելի գործընթաց մը չէ:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2024