ՓԱԿՈՒՂԻԻ ՅԱՆԿԵՐԳԸ

Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու երէկ Պաքուի մէջ ունեցաւ զանազան շփումներ՝ մասնաւորապէս ընդունուելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Շոյկու ընդգծեց, որ Ռուսաստան կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթացին։ Սա, ըստ երեւոյթին, Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած առկայ փակուղիի պայմաններով Մոսկուայի հերթական յանկերգն է։ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Շոյկու ընդգծեց Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմաթեքնիք, փոխադրութեան ու տնտեսութեան ոլորտներէ ներս։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի հեռանկարներն ու այժմու օրակարգային հարցերը։

Իր հերթին, Ալիեւ նշեց, որ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւնները օրինակելի են որոշ հարեւաններու համար։ Ան համոզուած է, թէ Ռուսաստան-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը անվտանգութեան կարեւոր գործօն կը համարուի՝ թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ աւելի լայն տարածաշրջանի պարագային։

Շոյկու Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին առընթեր անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի հետ։ Ըստ ռուսական կողմի հրապարակումներուն՝ Շոյկու եւ Ուսուպով քննարկեցին հարցերու լայն շրջանակ մը՝ առաջնահերթօրէն կանգ առնելով Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան վրայ։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ հարցեր։ Այդ հաւանական հաշտութեան փաստաթուղթի խմբագրման աշխատանքներու ծիրէն ներս Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր առաջարկներ կը փոխանակուէին։ Ռուսական աղբիւրները դիտել տուած են, որ վերջերս այդ փոխանակումներուն տասներորդը իրականացած է։ «Այս բոլորը, ի հարկէ, Արեւմուտքի կողմէ շատ աշխոյժ փորձեր են՝ միջամտելու համար այս գործընթացին», ըսաւ Շոյկու մեկնաբանելով Պաքուի հանդիպումները, լրագրողներու հատ զրուցելու ընթացքին։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքով, որ ներկայ էր նաեւ երէկուան Ալիեւ-Շոյկու հանդիպման, հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան հարցը։ «Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրին առջեւ միակ ու հիմնական խոչընդոտն է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան։

Այսպէսով, Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, աւելի ճիշդը՝ Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագրի յիշատակումը դուրս հանելու, Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը չի ստորագրուիր։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ այդ փաստաթուղթին մէջ տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանէն։ «Մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ապագային անհնար կը դարձնէ որեւէ վերադարձ վրէժխնդրութեան կամ Ատրպէյճանէն որեւէ տարածքային պահանջ. բան մը որուն ականատեսն էինք։ Մեզի համար անընդունելի է, որ Հայաստան խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ պայմանագրի վերջնական ստորագրման կը վերաբերի ժամանակ ձգելու մարտավարութեամբ՝ իր ռազմական կարողութիւնները ամրապնդելու եւ այս պատմութիւնը վերսկսելու համար», ըսաւ Ամիրպեքով։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Էլչին Ամիրպեքով այցելած էր Ուաշինկթըն, ուր մէկտեղուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը պաշտօնատարներուն՝ մանաւանդ պետական քարտուղարի տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայընի հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2024