ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքին մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Ըստ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնի արարողութիւնները կատարուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ։ Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ փութացած ուխտաւորներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, վանքի բակին մէջ գործադրուեցաւ մշակութայի յայտագիր, նաեւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, արարողութիւններուն մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Կարէն Սրկ. Համամճեան, որոնք ներկայացան նաեւ Նորին Սրբութեան՝ փոխանցելով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։

Մեթամորֆոսիս վանքին յարակից կը գործէ նաեւ յոյն համայնքին ամառնային ճամբարը։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի ակամայ փակ է, յունաց վանքը որոշած է յաջորդ շաբաթ հիւրընկալել խումբ մը հայ աշակերտներ, որոնք այնտեղ պիտի այցելեն իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2024