ԱՌԱՆՑ ԿՈՉԻ

Այս տա­րի, աշ­խար­հա­տա­րած Ռամ­կա­վար կու­սակցա­կան­ներ կը պատ­րաստուին Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) նոր Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մը ընտ­րու­թեան։ Թաքց­նե­լու ո­չինչ կայ, ո­րով­հե­տեւ ՌԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րը ար­դէն կը պատ­րաստուին սոյն գոր­ծըն­թա­ցին ա­միս­նե­րէ ի վեր։ Թէ՝ ո՞վ կը յա­ւակ­նի կամ կը հա­մար­ձա­կի գլխա­ւո­րել նո­րըն­տիր Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը, կամ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել ա­նոր ազ­գա­նուէր սպա­ռիչ, ա­պե­րախտ եւ անգ­նա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն, առանց ո­րե­ւէ վար­ձատ­րու­թեան ակն­կա­լու­թեան, ըլ­լան ա­նոնք գէթ՝ բա­րո­յա­կան կամ բա­նա­կան, կար­ծենք, թէ հար­թա­կը պատ­րաստ է այդ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան զի­նուո­րագ­րեալ­նե­րուն։

Ներ­կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան բեղմ­նա­ւո­րու­մը ան­պայ­ման կը տա­րու­բե­րի աշ­խար­հի զա­նա­զան կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րէն կամ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն, նկա­տի առ­նե­լով շրջա­նակ­նե­րու բնա­կա­վայ­րե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րը։ Ան­շուշտ մաս­նա­ւո­րա­պէս կ՚ակ­նար­կենք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կարգ մը եր­կիր­նե­րուն ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին, ուր կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փակ են ու­ծաց­ման աս­տի­ճա­նի հա­սած։

Սա­կայն՝ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու ամ­լու­թեան եւ ջլա­տիչ չա­փա­նի­շե­րու հա­մա­հա­ւա­սար են նաեւ այլ բա­րե­հա­ճոյ, ե­րե­ւոյթ­նե­րով զե­ղուն եւ գոր­ծու­նեայ բազ­մա­կոչ շրջա­նակ­ներ, ուր ան­տար­բե­րու­թիւնն ու կու­սակ­ցա­կան վար­քա­գիծն ու վար­կը, շրջա­նա­կի մը կամ կարգ մը ան­հատ­նե­րու քմա­հա­ճոյ­քին են­թա­կայ դար­ձած կրնայ ըլ­լալ։

Կրնանք հեշ­տօ­րէն քննա­դա­տել սոյն շրջա­նակ­նե­րը ա­ռանց նկա­տո­ղու­թեան՝ ըստ կու­սակ­ցա­կան կա­նո­նագ­րե­րու թե­լադ­րանք­նե­րուն, սա­կայն ար­դեօք ար­դա՞ր է այդ քննա­դա­տու­թիւ­նը զգաս­տու­թեան եւ զգու­շաց­ման հրա­ւէր­նե­րով լե­ցուն… ա­ռանց քննարկ­ման։ Սայ­թա­քու­մի, ձա­խո­ղու­թեան կամ ան­յա­ջո­ղու­թեան հեշ­տա­գոյն այ­պա­նու­մի հեգ­նան­քը կեան­քի քա­ղա­քա­կան եւ մա­նա­ւանդ՝ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու աս­պա­րէ­զին մէջ, ընդ­հան­րա­պէս ուղ­ղուած է հաս­տա­տու­թեան մը տնօ­րի­նու­թեան կամ վար­չու­թեան, ա­ռանց ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի նկա­տո­ղու­թեան, ինչ­պէս նկա­րագ­րած էր Յա­կոբ Պա­րո­նեան, Պոլ­սոյ մէջ վար­ժա­րա­նի մը հո­գա­բար­ձա­կան կազ­մի հաս­տա­փոր ան­դա­մի մը քննա­դա­տու­թիւ­նը, ուղղուած…տ­նօ­րէ­նու­թեան։

Այս­տեղ՝ տե­ղին է նշել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Ճոն Քե­նե­տիին նշա­նա­ւոր եւ պատ­մա­կան խօս­քը. «Հարց մի՛ տար հայ­րե­նի­քիդ, թէ ան ի՞նչ կրնայ տալ քե­զի, այլ հար­ցուր՝ ի՞նչ կրնամ տալ հայ­րե­նի­քիս»։ Այլ դի­տար­կու­մով, մի­թէ հա­մա­զօր թե­լադ­րանք չէ՞ սա, ուղ­ղուած բո­լոր, ա­յո բո­լոր քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ այլ զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ ծա­ւա­լող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ան­դա­մա­նե­րուն, ո­րոնք կը զլա­նան ի­րենց նուի­րեալ կամ վար­ձա­տու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը, ի­րենց պատ­կա­նեալ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ միու­թիւն­նե­րուն եւ ի­րենց խրճիթ­նե­րու կամ դղեակ­նե­րու պա­տե­րուն մէջ մե­կու­սա­ցած, մին՝ յու­սա­հա­տիչ ան­տար­բե­րու­թեամբ, իսկ միւ­սը՝ նպա­տակ­ներ հե­տապն­դող քննա­դա­տա­կան ցու­պը ձե­ռին, անխ­նայ կը շպրտեն ի­րենց քննա­դա­տու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը աջ ու ձախ։

Ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ, թէ՝ աշ­խա­տո­ղը կը սխա­լի յա­ճախ, իսկ ա­մուլն ու սին՝ միշտ։

Սի­րե­լի ըն­կեր­ներ, ի­րօք ժա­մա­նակն է զգաս­տու­թեան, պահ մը ընկր­կե­լու, անդ­րա­դառ­նա­լու եւ վե­րա­կանգ­նե­լու Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան միա­հա­մուռ եւ միաս­լաց ճա­կա­տը։ ՌԱԿ-ի պան­ծա­լի ան­ցեա­լի փառքն ու պա­տի­ւը, յա­րա­տե­ւօ­րէն եւ միշտ պա­հուած են ի­րենց ար­ժա­նի պա­տուան­դա­նին վրայ, շնոր­հիւ իր ե­րէ­կուան եւ այ­սօ­րուան նուի­րեալ ծա­ռա­նե­րուն, ո­րոնք տիւ եւ գի­շեր, տա­կա­ւին ի գին ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան զո­հա­բե­րու­թեանց, չեն խնա­յած ո­րե­ւէ ճիգ, կու­սակ­ցու­թեանս բա­րօ­րու­թեան ի նպաստ։

Սի­րե­լի ըն­կեր եւ ըն­կե­րու­հի, ինչ­պէ՞ս է ազ­գա­նուէր եւ կու­սակ­ցա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեանց կա­րա­ւա­նի մաս­նակ­ցու­թեան ձեր խո­նարհ տրա­մադ­րու­թիւ­նը, թէ՝ կը նա­խընտ­րէք այն կարգ մը լու­սանց­քա­յին դի­տորդ­նե­րուն կամ քննա­դատ­նե­րուն կար­գին մէջ մնալ։

Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը, այ­սօր եւ վա­ղը, պի­տի հա­մախմ­բէ իր շուրջ ա­նոնք, ո­րոնք ի բա­նիւ եւ գոր­ծով լուրջ աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին կու­սակ­ցու­թեանս յա­ռաջ­խա­ղա­ցին հա­մար։

Իսկ քննա­դատ­նե­րը, թող շա­րու­նա­կեն ի­րենց… քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը։

Խմբագ­րա­կան «Նոր Օր»ի
Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015