ԱԶԴՈՒ ՊԱՐԵԿԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Սեւանայ լիճէն ներս անվտանգութեան երաշխաւորման համար առնուած քայլերուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատկան բաժանմունքները այս նպատակով լիճէն ներս գործարկել սկսան արագընթաց մակոյկներ, որոնք կանոնաւոր հերթապահութիւն կ՚ապահովեն՝ մանաւանդ, որ ամրան շրջանին լողափի այցելուները շատ են։ Պարեկապահութեան շնորհիւ ջրափրկարարները օգնութեան կը հասնին կարգ մը լողորդներու, որոնք վտանգի կ՚ենթարկուին լիճին մէջ։ Այս բոլորով հանդերձ, դժբախտաբար, միշտ խեղդուողներ ալ կ՚ըլլայ լիճին մէջ։

Միւս կողմէ, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, Սեւանի մակարդակը նախորդ տարուան օգոստոսի սկիզբին բաղդատմամբ 17 սանթիմեթրով աւելի բարձր կը մնայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024