ՊԱՔՈՒ ՅՕԺԱՐԱԾ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՅԵՏԱՁԳՄԱՆ, ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի վերջին հարցազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Ան յայտնեց, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան համար անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Իր խօսքով՝ եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոխուի, ապա նոր կառավարութիւն մը կրնայ չեղարկել Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը։ «Խօսքը ո՛չ թէ Ատրպէյճանի ճնշման ներքեւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին է, այլ կը վերաբերի այն հանգամանքին, որ ընտրողները պատասխանեն հարցումի մը։ Անոնք խաղաղութի՞ւն կ՚ուզեն Ատրպէյճանի հետ, թէ նոր առճակատում։ Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները հարցը դնեն այսպէս, ապա քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կ՚աջակցի խաղաղութեան», ըսաւ Ամիրպեքով։

Հարցազրոյցի ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ այս հարցը քննարկուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ «Ան կը պնդէ, որ գործընթացը բարդ է եւ Սահմանադրութեան նախագիծը կրնայ պատրաստ ըլլալ մինչեւ 2027-ը։ Բայց արդեօք աշխարհ պատրա՞ստ է այդքան սպասելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Սակայն, ակնյայտ է, որ պէտք չէ աճապարել ու պէտք չէ ստորագրել թուղթի կտոր մը, որ կրնայ չեղարկուիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ», աւելցուց ան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Էլչին Ամիրպեքով ընդգծեց նաեւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի փոխադարձ համաձայնութեամբ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը դուրս թողուած է՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագիծէն։ Ամիրպեքովի յայտարարութիւններուն այս կէտը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ քանի ակնարկութիւնը կը վերաբերի նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որուն այնքան յամառօրէն հետամուտ է Պաքուն։

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց այս յայտարարութիւններուն։ Ամիրպեքով նշած էր, որ փոխադարձ համաձայնութեան հաղորդակցութիւններու վերաբացման քննարկումը կը տեղափոխուի աւելի ուշ փուլի մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկուան յայտարարութեան մէջ տեղեկացուց. «Այս համաձայնութեամբ հանդերձ, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կը շարունակէ մնալ խաղաղութեան ու տնտեսական զարգացման Հայաստանի տեսլականի կարեւոր մասը՝ արտացոլուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին մէջ, հիմնուած ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան»։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ երէկ տեսակցեցաւ Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պաղճըի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան մասին ոչինչ հաղորդած են։ Հաճիեւ ընկերային ցանցերու վրայ Պաղճըի հետ լուսանկարը հրապարակելով գրած է, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութիւնը անխախտ է ու յաւերժ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024