ԼՈՆՏՈՆ-ԹԵՀՐԱՆ ՇՓՈՒՄ

Մերձաւոր Արեւելքի լարուած համայնապատկերին վրայ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի միջեւ։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։ Լեմի կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրան զսպուածութիւն ցուցաբերէ։ Ան միեւնոյն ժամանակ մատնանշեց, որ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնը յետընթաց եղած է՝ Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղեալ ջանքերուն տեսակէտէ։ Իր կարգին, Ալի Պաղերի Քանի Իսրայէլը մեղադրեց տարածաշրջանը ապակայունացնելով։

Ծանօթ է, որ ներկայիս Իրանի եւ «Համաս»ի կողմէ պատրաստութիւններ կը կատարուին Հանիյէի սպանութենէն վերջ Իսրայէլին փոխադարձելու համար։ Այս իրավիճակին մէջ Լոնտոն-Թեհրան առանցքի ուղիղ շփումը շատ ուշագրաւ էր։ Անգլիա Արեւմուտքի այն յառաջատար դերակատարներէն է, որ Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով Ռուսաստանը արմատականօրէն կը թիրախաւորէ, իսկ Իրան-Ռուսաստան համագործակցութիւնը շատ սերտ է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024