ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ նախընթաց օր յարձակման ենթարկուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճաֆէր Հիւսէյինզատէն եւ կինը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահած է օգոստոսի 5-ին, Պրիւքսէլի ժամով 15.00-ին, դեսպանի բնակարանին առջեւ, երբ ան արձակուրդի մէջ կը գտնուէր։ «Երկու անծանօթ անձ յարձակեցան իմ եւ կնոջս վրայ։ Այդ մարդիկ շէնք ներխուժեցին, երբ մենք մուտք կը գործէինք։ Մեզ սպառնացին զէնքով ու դաշիւնով, առին մեր իրերը», պատմած է դեսպանը։
Յարձակողները հեռացած են՝ խլելով դիւանագէտի կնոջ պայուսակն ու «Ռոլեքս» ժամացոյցը, պատճառելով մարմնական թեթեւ վնասներ։ Ոստիկանութիւնը անյապաղ դէպքի վայր փութացած է ու ձեռնարկած՝ հետաքննութեան։ Ոստիկանութեան տրամադրուած տեղեկութեան հիման վրայ ներկայիս կ՚իրականացուին քննչական միջոցառումներ՝ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով։ Ի լրումն այս բոլորին, Ճաֆէր Հիւսէյինզատէ յայտնած է, որ կնոջ «Ռոլեքս» ժամացոյցի փոխարժէքին վերաբերեալ մամուլի մէջ կատարուած հրապարակումները չափազանցուած են։