ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԻՐՔԸ ՅՍՏԱԿ
Պաքուի կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ Երեւանի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ համաձայնագրի նախագծէն դուրս թողուած է՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապաշրջափակման խնդրի քննարկման յետաձգման որոշումին կ՚արձագանգեն տարածաշրջանի միւս դերակատարները՝ մանաւանդ Իրանը, որ լուրջ վերապահութիւն կը դրսեւորէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ։
Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը կողմնակից է տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, սակայն այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքեւ։
«Բնական է՝ եթէ տեղի կ՚ունենայ ապաշրջափակում, ապա արդիւնքին երթեւեկը կը մեծնայ, բայց պէտք է փոխադարձ համաձայնութիւն ըլլայ այդ մասով։ Եթէ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, ապա սա կը նշանակէ՝ աւելի մօտ ենք խաղաղութեան։ Սա նպաստաւոր է տարածաշրջանին եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն։ Կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ինչ որ կ՚իրականացուի, մենք այդ բանին կողմնակից ենք», ըսաւ դեսպանը։
Անդրադառնալով Իսրայէլի դէմ Իրանի հաւանական հարուածին՝ Սոպհանի ըսաւ. «Մենք միշտ մեր թշնամիները պատժած ենք, սակայն, խելամտօրէն ու ժամանակին եւ այս անգամ ալ կը պատժենք՝ ժամանակին եւ հաշուարկուած»։