ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ դասընթացքները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն քահանայ հայրերուն համախմբուելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, զօրանալու անոր առաքելութեան տեսիլքով, մեր սուրբ հայրերու աւանդած ժառանգութեամբ։ Արդարեւ, անոնք կերտած են հայ ժողովուրդի փառքը, ինքնութիւնն ու դիմագիծը եւ ուղենշած՝ ազգի յաւիտենականութեան ճանապարհը։

Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր հայրերուն յորդորեց նաեւ զօրացնել համագործակցութիւնը համայնքներու միջեւ իրենց հոգեխնամ առաքելութիւնն ալ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց առաւել նախանձախնդրօրէն, անձնուիրաբար իրականացնել իրենց հովուական ծառայութիւնը՝ ազգի համար այս բարդ ժամանակաշրջանին մէջ զայն կարեւոր պայման նկատելով եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի զօրացման համար։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2024