ՓԱՐԻԶԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Փարիզի Ողիմպիականները, որոնք շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր համայն մարդկութեան ուշադրութիւնը մագնիսացուցած էին, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցան՝ թողելով վառ տպաւորութիւններ, կարեւոր յիշատակներ։ Միայն մարմնամարզական աշխարհով սահմանափակուած իրադարձութիւն մը չեղան այս ողիմպիականները՝ քանի մարդկութեան հաւաքական օրակարգի զանազան նիւթերը ունեցան ընդգծեալ շեշտադրումներ կամ դրսեւորումներ, որոնք քննարկումներու եւ վէճերու ալ առիթ դարձան։

33-րդ ամառնային Ողիմպիականները պատմութեան մէջ առաջին անգամ՝ հիւրընկալ քաղաքի գլխաւոր մարզադաշտէն դուրս կազմակերպուած էին։ Արդարեւ, բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցած էր Փարիզի կեդրոնին եւ իսկապէս փառաշուք եւ պատկառազդու դրուագներու շարժառիթը հանդիսացած էր։ Երէկ երեկոյեան կազմակերպուած եզրափակիչ արարողութիւնն ալ նոյն տրամաբանութեան մէջ էր եւ եղաւ նոյնքան փառաշուք եւ անմոռանալի։ Այս անգամ, դասական ձեւով գործադրուեցաւ փակման հանդիսութեան ծրագիրը, որ կեանքի կոչուեցաւ Փարիզի հիւսիսի «Սթատ տը Ֆրանս»ի համալիրէն ներս։ Այս անգամ եւս Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ներկայութիւնը բերաւ եզրափակիչ արարողութեան, որու ընթացքին Միջազգային ողիմպիականներու կոմիտէի նախագահը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

«Սթատ տը Ֆրանս»ի մեծահանդէս արարողութիւնով յայտարարուեցաւ 33-րդ ամառնային Ողիմպիականներուն փակուած ըլլալը։ Միջազգային այս մեծ մրցակցութեան արդիւնքին, մասնակից հաւաքականներուն յառաջատարները եղան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը։ Ամերիկեան եւ չինական հաւաքականները 40-ական մետայլ նուաճեցին Փարիզի Ողիմպիականներուն։ Առաջին հնգեակին մաս կազմեցին նաեւ Հոլանտան, Անգլիան եւ Ֆրանսան։ Այսպէսով հիւրընկալ Ֆրանսան հինգերորդ հորիզոնականի վրայ աւարտեց միջազգային մեծ մրցակցութիւնը։

Կը նախատեսուի, որ չորս տարի անց, ամառնային 34-րդ Ողիմպիականները տեղի ունենան ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 12, 2024