ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ
Գուցէ դուք ալ բազմիցս լսած ըլլաք «ամենամեծ հարստութիւնը բարեկամներ ունենալն է» խօսքը, որ «լոզունգ» ըլլալէ աւելի իր մէջ ճշմարտութիւն մը ունի, որովհետեւ մարդ արարածը ընկերային արարած մըն է եւ անոր գոյատեւումը կախեալ է ընկերային կապեր ձեւաւորելու եւ ստեղծելու իր կարողութենէն: Մարդկային կեանքի մէջ ընկերութիւնը կը բաւարարէ պատկանելիութեան զգացումը: Շատ մը փիլիսոփաներ եւ գիտնականներ ունեցած են այն համոզումը, թէ ընկերային կապերու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատկանելիութեան զգացումը մարդու կեանքի կարեւոր մէկ պէտքը կը կազմեն, որոնք կը ստեղծեն յուզական աջակցութիւն:
Հարստութեան եւ ընկերութեան հասարակաց գիծը այն է, սակայն, որ երկուքն ալ կրնան ըլլալ ժամանակաւոր. բոլորս ալ կը հաւատանք, թէ ճշմարիտ բարեկամութիւնը չի՛ կրնար ժամանակաւոր ըլլալ, սակայն մերօրեայ մարդկային կեանքը այդ մէկը կը պարտադրէ եւ այսօր շա՜տ սիրելի անձ մը կրնայ օտարական մը դառնալ՝ այնպէս ինչպէս հարուստը աղքատ: Բարեկամութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ ճշմարիտ բարեկամներու մօտ է, որ մարդ ազատութիւն կու տայ իր զգացումներուն ու արտայայտութիւններուն՝ առանց վախի ու կաշկանդումի:
Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեամբ մը փորձած են փաստել, թէ բարեկամական լաւ կապեր ունեցող անձեր շատ աւելի երջանիկ եւ ատակ են դժուարութիւններ դիմադրել՝ քան ընկերային գետնի վրայ նուազ յաջողները, որովհետեւ ընկերներու կողմէ կը փոխանցուի յուզական աջակցութիւն, ինչ որ կ՚օգնէ մարդու բարեկեցութեան՝ ինքզինք աւելիով պաշտպանուած զգալու եւ ապահովութեան զգացումը ունենալու: Մարդկային կեանքի մէջ յաճախ բարեկամութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդ հայելիի մը պէս արտացոլացնէ իր արժէքներն ու համոզումները: Այդ բարեկամութիւնը յաճախ մեզ կը դնէ մարտահրաւէրներու դիմաց, կը ոգեշնչէ եւ պատասխանատուութեան կ՚ենթարկէ, նպաստելով անձի անձնական աճին:
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, լաւ բարեկամական կապերը կը բարձրացնեն մարդու ինքնավստահութիւնը եւ յաճախ կը նպաստեն նպատակներու իրագործման: Նման ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ ամուր ընկերային յարաբերութիւններ ունեցող անձեր աւելի երկար ու առողջ կ՚ապրին. բարեկամական լաւ յարաբերութիւններ չունենալը՝ այսինքն մեկուսացումը մարդուն կրնայ առողջական խնդիրներ պատճառել եւ գուցէ այս է պատճառը, որ մեր նախնիները բարեկամութիւնը հարստութենէն աւելի կարեւոր նկատած են:
Լուսահոգի եկեղեցական մը կ՚ըսէր. «Ես շատ դրամ չունիմ, բայց դրամէն կարեւոր ունիմ ընկերներ, որոնք ամէ՛ն պէտքին թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս քովս են»: Մարդու համար հարստութենէն շատ աւելի կարեւոր է ունենալ բարոյական աջակցութիւնը, որովհետեւ նիւթականը որոշ խնդիրներ կը լուծէ, սակայն բարոյականն է, որ մարդու հոգիին վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենայ. բարոյական աջակցութեամբ է, որ մարդ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններու եւ բարելաւման կը դիմէ: Այսօր մարդ կայ հարուստ է՝ սակայն բարեկամ չունի, իսկ մարդ կայ հարուստ չէ՝ սակայն ունի ոսկի բարեկամներ. անոնցմէ ո՞վ աւելի «հարուստ» ու ապահով կ՚ապրի:
Սակայն գիտենք, որ մեր օրերուն մարդիկ այնքան ալ վստահութիւն չունին բարեկամական յարաբերութեանց վրայ, նկատի ունենալով, որ շատ անգամ բարեկամութիւններ եւս կը քանդուին սեփական շահի ու ակնկալիքներու պատճառով. եթէ աչքէ անցընենք մեր կեանքը՝ տարօրինակ ձեւով պիտի տեսնենք, թէ ժամանակ մը ամենէն անկեղծ բարեկամ թուացող անձեր այսօր հեռացած են մեր կեանքէն, սակայն մնացած են այն քիչերը՝ որոնք հակառակ ժամանակին մնացած են հոն՝ ուր որ էին նախապէս՝ բարեկամական ամուր հասկացողութեան վրայ:
Վստահութիւնը ցանկացած յարաբերութեան հիմնաքարն է եւ հետեւաբար բարեկամութեան մէջ այդ վստահութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ կեանքի մտահոգութիւնները յաճախ կը վտանգեն բարեկամական վստահութիւնը. պարզապէս պէտք է գիտնալ հաւասարակշռել սեփական շահն ու ընդհանուր շահերը՝ հաւասարակշռելով նաեւ ակնկալիքները:
Այսօր բազմաթիւ բարեկամութիւններ կը քանդուին չբաւարարուած սպասումներու պատճառով, ինչ որ մարդը հիասթափութեան առաջնորդելով զինք հեռու կը պահէ ընկերական միջավայրէն, կասկածի տակ դնելով բարեկամներու «հաւատարմութիւն»ը եւ նուիրուածութիւնը: Աշխարհի մեծագոյն վտանգներէն մէկը սեփական շահ ըսուածն է, որովհետեւ այդ շահերու հետապնդումը մեզի համար ինչքան ալ անհրաժեշտ ու կարեւոր թուի, որոշ ժամանակ ետք մարդու կեանքին մէջ կը վերածուի պայքարի, որովհետեւ այդ սեփական շահի հետապնդումը կը յաջողի փոխել մարդու հետաքրքրութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, իր ազդեցութիւնը ունենալով նաեւ մարդկային ընկերային կեանքին մէջ:
Հաւատացէ՛ք, որ բազմաթիւ ընկերութիւններու խորտակման պատճառը սեփական շահերն են, որովհետեւ յաճախ մարդիկ կը փորձեն բարեկամական կապեր ստեղծել լոկ իրենց շահերը բաւարարելու համար, մինչ ճշմարիտ բարեկամութիւնը հեռու է այդ բոլորէն, որովհետեւ նման ընկերութեան մը պարագային երբ շահեր պակսին՝ կը պակսի նաեւ բարեկամութիւնը:
Իրապէս երանի՜ անոր, նիւթական հարստութենէն աւելի ունի բարեկամներ՝ որոնք իրենց ներկայութեամբ հարստութիւն են մարդկային կեանքին համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Տրամաբանակա՞ն է մարդ մը պսակել կատուի հետ:
Պատասխան. Եթէ զոյգերը ունին կենդանիներու հանդէպ սէր, կատու ունենալը տրամաբանական է եւ աւելին անոնք կրնան դրական դեր ունենալ յարաբերութեան մէջ՝ ապահովելով յարմարաւէտութիւն: Զոյգերու կողմէ կենդանի եւ կամ կատու պահելը ցոյց կու տայ յուզականութիւն, հասունութիւն, կարեկցանք եւ պարտաւորութիւններու հանդէպ պատասխանատուութիւն:
Յ.Գ.- Արհեստական բանականութիւնը բազմիցս այս հարցը սխալ հասկցաւ. գուցէ իրեն համար եւս տրամաբանական չթուաց մարդու եւ կենդանիի ամուսնութիւնը, հետեւաբար տրամաբանական պատասխան մը ստեղծելով նախընտրեց տան մէջ կենդանի պահեն՝ քան ամուսնանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան