ՊԱՆԴՈՒԽՏՆԵՐՈՒ ԳՐՈՂԸ՝ 165 ՏԱՐԵԿԱՆ

Այս տարին յոբելենական է նահատակ գրող Մելքոն Կիւրճեանի համար. կը լրանայ անոր ծննդեան 165-ամեակը:

Հայ գրականութեան եւ մամուլի մէջ իր ներդրումը կատարած այս գրագէտը հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:

Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. 1870 թուականին, տասնմէկ տարեկանին, հայրենակիցներու ուղեկցութեամբ տարուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Սկիւտարի ճեմարանը, ապա՝ Սուրբ Խաչ վարժարանը:

Կիւրճեան 1878 թուականին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ պաշտօնավարած՝ բազմաթիւ վարժարաններու մէջ: 1890-1896 թուականներուն եղած է Կեդրոնական վարժարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան դասատու, աշակերտներուն գաղտնի դասաւանդելով նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։ Միեւնոյն ատեն «Հրանդ» ծածկանունով կը սկսի աշխատակցիլ պոլսահայ թերթերուն եւ գաւառի կեանքն ու ցաւերը արտացոլել գրականութեան մէջ, սակայն որպէս գրող յայտնի կը դառնայ, երբ 1888 թուականին Արփիար Արփիարեանի առաջարկով կը գրէ իր «Պանդուխտի կեանքէն» գրական ակնարկները, որոնք մաս-մաս կը տպագրուին «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ։ Այդ տարիներուն Մելքոն Կիւրճեան կ՚աշխատակցի նաեւ «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» թերթերուն։

1893 թուականին կը նշանուի համագիւղացի, Օտեան գերդաստանէն Գրիգոր Օտեանի եղբօր աղջկան հետ: Հազիւ ութ օրուան նշանուած էր, երբ ցուցմունքի մը վրայ կը ձերբակալուի եւ ամիս մը բանտը կը մնայ:

1896 թուականին, լսելով, որ կառավարութեան կողմէ կը փնտռուի՝ նախ Գարթալ, ուրկէ Մեծ կղզի կ՚ապաստանի՝ հետքը կորսնցնելու համար:

Քանի մը օրեր թափառելէ յետոյ, Գատըգիւղէն, ծպտուած, Բերա կ՚անցնի, ուր ամիս մը կը պահուըտի իտալացի ընտանիքի մը մօտ: Շնորհիւ ընկերներու ջանքերուն՝ կը յաջողի Վառնա, Պուլկարիա, փախչիլ: Հոն կը հիմնէ վարժարան մը՝ գաղթական հայ մանուկներուն համար, որ Արծրունեան դպրոցն էր: Երկու տարի ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր անմիջապէս կը ձերբակալուի եւ վեց ամիս բանտարկուելէ ետք կ՚աքսորուի Քասթամոնու, Սեւ ծովու շրջանը: Մօտաւորապէս տասը տարի աքսորի մէջ ապրելէ ետք, 1908 թուականի սահմանադրութենէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր դարձեալ կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ:

Կիւրճեան Քասթամոնուի աքսորավայրին մէջ գրած է «Ճահճախուտքի մէջ. երկու առանցքի վրայ» վէպը, որ անստորագիր սկսած է տպագրել Պոլսոյ «Սուրհանդակ» թերթին մէջ, սակայն, հազիւ լոյս տեսած, գրաքննութիւնը գիտցած է հեղինակին ո՛վ ըլլալը եւ արգիլած, բռնագրաւած է 350 էջնոց վէպը եւ փճացուցած զայն:

Աքսորավայրէն Մելքոն Կիւրճեան «Թղթակից ի Պոնտոս» ծածկանունով յօդուածներ տպագրած է «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ։ Պոլսահայ թերթերէն զատ Կիւրճեան թղթակցած է նաեւ Թիֆլիզի «Մշակ»ին եւ Զմիւռնիոյ «Հայ Գրականութիւն» հանդէսին։

Պոլսահայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրելով, գտանք Մելքոն Կիւրճեանի՝ Հրանդի բոլոր գրչանունները: Ահաւասիկ գրչանուններ, որոնք մամուլին մէջ գործածած է գրող-ուսուցիչը.

1859-1915 թուականներուն գրողին գրութիւնները մամուլին մէջ ցրուած են Աւօ, Արնոլտ, Թղթակից «Բիւզանդիոնի», Թղթակից Պոնտոսի, Հրանդ, Մ.Կ, Մ.Ս.Կ., Շահէն, Շաւասպ, Պոնտացի, Վարդգէս, Ուղեւոր ծածկանուններով:

1910-ին իբրեւ պատուիրակ կը գործուղուի Սուրբ Էջմիածին, կը մասնակցի կաթողիկոսական ընտրութիւններուն: Անոր տպաւորութիւնները այդ այցի մասին, երկար յօդուածաշարքով, կը կարդանք «Արեւելք» պարբերականին մէջ, որուն մնայուն աշխատակիցն էր, ուր նաեւ ազգային կեանքէ քրոնիկներ կը գրէր, իբրեւ ազգային երեսփոխան՝ ի վիճակի ըլլալով հետեւելու բոլոր անցուդարձերուն:

Ուսուցիչ-գրողին կեանքը կ՚աւարտի 1915 թուականին:

Գլխաւոր երկերն են՝ «Նամակներ պանդուխտի կեանքէն», որ անջատ գիրքով լոյս տեսած է 1931 թուականին, Փարիզ։ Առանձին գիրքով հրատարակուած միւս աշխատութիւններն են «Գրաբար լեզու» (դասագիրք, Պոլիս, 1913) եւ «Մեսրոպ եւ Սահակ» (1913)։ Հեղինակած է նաեւ «Պատիժը» (1892), «Կեանքի մը քայքայումը» (1893), «Երկու վերմակի տակ» (1895), «Խանին վերի յարկը» (1909), «Առանց փիլոնի քահանան» (1913) եւ այլ պատմուածքներ: Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Օկիւստ Ռընանի «Յիսուսի կեանքը» գործը:

Իրապաշտական դպրոցին մաս կազմած գրողին գործերէն մանաւանդ պանդուխի օրագրութիւնները ժամանակին կը ցնցեն պոլսահայերը: Հազարաւոր պանդուխտներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Հրանդի հայրենակիցները՝ բալուցի որմնադիրները, յուզմունքի տողեր կը գտնէին անոնց մէջ: Այդ գրութիւնները յետոյ լոյս պիտի տեսնէին զատ հատորով: Այսօր ալ պանդուխտի կեանքէն գրուած այդ պատմուածքները կ՚ընթերցուին մեծ հետաքրքրութեամբ: «Սարգիս» պատմուածքը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Մասիս»ի մէջ՝ 1890-ին:

ՍԱՐԳԻՍ

ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ

Օգոստոսի վեցերորդ օրն էր. հիւանդանոցի մէջ ջնջուած էր մեր Սարգիսին անունը։ Լուր կը տարուի իր գիւղացւոց, ինձ ալ հասած էր այդ բօթը։ Վա՜խ, վա՜խ, ըսինք ամէնքս ալ։ Այս սրտագին աղաղակն է որ ամէն անգամ մեր շրթանց վրայ կ՚երերայ, կամ մեր սրտին վրայ կը մրմռայ երբ պանդուխտ ազգակից մը, երիտասարդ կամ ծերուկ, կը նետեն անուանց ցանկէն եւ տախտակին վրայ սեւ գիծ մը կը քաշուի։

Ա.

Կը ճանչէի զինքը։ Քսան եւ վեցը տակաւին անցած չէր, թուխ կտրիճ մը, կտրիճներու գիւղէն, սեւ սեւ աչքերով եւ ծիլ ծիլ պեխերով։ Սարգիս այն երիտասարդներէն էր որք շուտ կը զարգանան արուեստի մէջ. միշտ կը փնտռուէր, աղայի ու փաշայի ծանօթ եղած էր. եւ իր գիւղացի անտաշ կերպարանքի վրայ հրապուրիչ բաներ ունէր։ Ես զինքը կը սիրէի զի սուր էր, զի բարկութիւնը ժանգի պէս յօնքերուն վրայ երեւան կը հանէր, զի գրգռուած ատենը՝ ալիքի պէս կը մրմռար։ Կը սիրէի մանաւանդ իր թէզկեահին առջեւ մինչ թեւերն հոլանի, ջիղերն ուռած, կապուտերանգ, կ՚երկարէին բազուկներուն վրայ. գլուխը բաց, քրտինքը ճակտին ու երեսին, կը քսէր իր գործիքներն, սո՜ւր սո՜ւր, տախտակին վրայ, եւ հատու ուրագը, իբրեւ խաղալիկ, կը նետէր կոշտ ու կոպիտ փայտերուն, կը յղկէր կ՚ողրկէր զայնս արջու պէս, որ իր տձեւ թոժիւնը, յարալէզ խնամօք, ի յայտ եւ ի կերպարանս կը բերէ։ Դրամն իր քսակէն չէր պակսեր. կու տար ոմանց՝ չառնելու համար, եւ այլոց փոխ՝ ընկերական պարտքէ եւ խղճի խայթուածէ ազատ ըլլալու։

Հինգ վեց տարի ինձ մտերիմ եղած էր. կու գար խանէն շատ անգամ եւ կը գտնէր զիս մեր գիւղի բարձանց վրայ, հիւր կը տանէր զիս եւ հիւր ալ կ՚ըլլար մեզի։ Առաւօտ մը կանուխ, մինչ քուն ընդ արթունս էի, մեղմ ձայն մը ականջներուս դռնակները կ՚երերցնէր. հառաչանքին երգը ո՜րչափ խոր կը զարնէ մարդուս սիրտը իր դաշնակաւոր ելեւէջներովը։ Գաւառացիքս վարժ ենք այդ երգին. ամէն առաւօտ, մինչ զեփիւռը մեր տանձին ու խնձորին կ՚օրօրէ մեղմիկ, եւ ճռուողական հաւուց նուագները կ՚արթննան օդին մէջ, քրդուն լօլօն, սուր եւ անուշ, ղարիպին կնոջ մանին, սրտագին եւ աղեկեզիկ, կու գան կ՚իյնան մեր բարձին վրայ։ Մանին կանուխ սկսած էր եւ աւարտելու վրայ էր երբ քնէ սթափած՝ հազիւ կրցած էի խլել հետեւեալը.

«Բաղնիքէն կ՚ելնէր լաչակն երեսին,
Նազելով անցաւ. նա ինքն էր ըսին.
Ոսկի թել մազերն ինկած թիկունքէն
Աչքերս տարին, սիրտըս քարշ իրեն։
Մի՛ զիս, ով անգութ,
Այրեր աւերեր,
Ղուրպան մազերուդ.
Տես, ծունկն է իջեր»։

Այս նուագէն ետքը տաք տաք «օֆ» մը բարեգուշակ չը թուեցաւ ինձ նոյն օրը։ Հարցուփորձ ըրի, եւ թէեւ չկրցի խոստովանցնել, բայց համոզուած էի որ Սարգիս բան մը ունէր, խորունկ բան մը։ Մեր գաւառացի երիտասարդք, տակաւին պոլսական ցոփութեանց մէջ չլուացուած, շատ պատկառոտ են, եւ այնչափ թանձր է իրենց պարկեշտութեան քօղը, զոր դժուարաւ կարելի է երերցնել։ Դժուարին ալ կ՚իյնան, բայց եթէ մի անգամ ինկան, դժուարին է ոտքի վրայ հանել։ Սարգիս սկսած էր տակաւ վար իջնել եւ պիտի հասնէր յատակը։

Բ.

Դժուարաւ կ՚իյնան, ճշմարիտ է այս։ Սարգիս ամբողջ ամառ մը իրեն ծանօթ տուն մը կը մտնէր ու կ՚ելնէր. երկու նորատի քոյրեր, Աննիկ եւ Սրբուհի, շատ ընտանեցած էին իրեն։ Հետեւեալ տարին այդ աղջկանց ծնողք ուղեւորութիւն մը ունեցած՝ տունն ու երկու սիրուն էակաց պահպանութիւնը յանձնելով Սարգիսին, որ հեռաւոր ազգականութիւն ալ ունէր այդ ընտանեաց հետ։ Երիտասարդը, արդարեւ պահապան, Յովսէփի սուրբ եղբօր մը պէս հաւատարիմ, երեք ամիս այդ տունը գիշերեց։ Եւ թէեւ Աննիկ, չափազանց ընտանութենէն, ինքզինքը կը մոռնար երբեմն, բայց Սարգիս, ի՛նչ որ ալ ըլլար, հաշուած էր թէ ինքն աւանդապահ մըն էր. միշտ «քոյր իմ» կոչելով Աննիկը, այնպիսի սրբութիւն ստեղծեց, որուն տակ երեք ամիս անխռով քնացան արթնցան։ Տան տէրն ու տիկինը կը դառնան ուղեւորութենէ. մէկ շաբաթ ետքը Սարգիս ալ գնաց իր տեղիկը, պանդուխտներու խանը։ Առջի իրիկուընէ կը զգայ թէ ինքն առաջինը չէ, մէկ երկու ժամ, կլկլակը ձեռքը, ծխափողը բերնին, պարբերական «օֆ»երով դարձած նայած էր այն բարձրաւանդակն, ուր ամիսներ անցուց երկու նորատի աղջկանց քով առանձինն եւ անոնց եղբայր ու պահապան եղաւ։ Աննիկի չարութիւնք, մերթ նկուն եւ մերթ ըմբոստ, զարկած էին այդ անփորձ սրտին։

Յաջորդ կիրակի տուն գնաց. Աննիկ դիմացը կը վազէ, եւ դրան վրայ երկու կաթոգին նայուածքներ ըսած էին այնչափ աւելի բան, որչափ ըսած չէին երեք ամիսներ միեւնոյն յարկի տակ, մենութեան ու անձնիշխան ազատութեան մէջ։ Սարգիսի երթեւեկութիւնը կը շարունակուի, շաբաթ եւ կիրակի շատ անգամ իր այդ սիրական տանը մէջ կը գիշերէ։ Չա՛ր Սրբուհին ալ ըսելով ըսելով՝ յաջողած էր այդ երիտասարդն համոզել որ շալվարն հանէ նետէ. եւ այն առջի գիշերը, մինչ Սարգիս բանթալօն հագած այդ տունը կ՚երեւի, անբաւ ուրախութիւն կ՚ունենան ամէնքը։ Ալ վախ չունէին ազատ պտոյտներ ընելու։ Օր մը Չամլըճա կը տեսնէինք անոնք, ուրիշ օր մը Վոսփորին մէկ գիւղը. կառապանը կը վաստկէր, խահվէճին դժգոհ չէր մնար, ձիապաններն ալ գործ կ՚ընէին, մէկ երկու չէր նայեր, բաւական էր որ ձին աղուոր ըլլար, կրակոտ ըլլար, ցատկտուն ըլլար։ «Կուգայ կոր», այս էր դրացիներուն լսածը մինչ ձին իր ոտքերուն դրնդիւնը կը լսցնէր փողոցին մէջ։

Գ.

Բաւակա՜ն յառաջ գացեր էին. աղջկան ծնողք, մանաւանդ նենգաւոր մայրը, գիտէին ամէն բան, եւ սակայն ա՛յնչափ թոյլ կամ ազատ կը վարուէին որ դրացիք եւ մենք ամէնքս ալ իրաւունք ունեցանք ըսել թէ Աննիկ եւ Սարգիս իրաւ զոյգ մը խօսեցեալներ էին։

Պետրոսիկ աղա, եթէ Սարգիս իր շաբաթական այցելութիւնն ուշացնէր, ինքնին կ՚երթար խան եւ կ՚առնէր կը բերէր իր հետ։ Նախանձելի բաներ ունէր այդ երիտասարդը. թարմ էր, առոյգ եւ կորովի. արուեստի մէջ ունեցած ճարտարութեամբը՝ իրեն դիրք ստեղծած էր իր շրջանակի մէջ, քսակը թեթեւ եւ դատարկ չէր։ Պետրոսիկ աղա վարժուած էր ի հարկին փոխառութիւններ ընել, երբեմն առածը տալով եւ երբեմն ալ կամաւ մոռնալով։ Մէկ տարի այսպէս անցաւ. եւ մինչ մենք ամէնքս կը կարծէինք որ Ս. Սարգիս իր տօնին օրը անոնց հարսնիքը պիտի օրհնէր, Աննիկը ուրիշի մը կը նշանեն, եւ մեր ձիաւոր սուրբին տօնին գիշերը՝ ոսկի թելեր կը ձգեն անոր գլուխը ճիշդ այն սենեկին մէջ, ուր ամէն բան Սարգիս կը հոտէր. գետնի գորգը, վառուած ղամբարները, ձգուած վարագոյրները եւ շողուն հայելին։

Չգիտցանք թէ ի՞նչ անցած էր. միայն թէ պէտք է ըսել որ հարսնեւորներէն ոմանք Աննիկը շատ ուրախ տեսած չէին նոյնիսկ պսակի ժամուն. ոսկի թելերուն եւ շողերուն տակ՝ ստուեր մը եկած գացած էր միշտ, հովէն երերացող ծառի մը շուքին պէս։ Ի՞նչ զգացիր նոյն գիշերը, Սարգօ, անէծք մը, կայծակ մը չթռա՞ւ բերնէդ։

Դ.

Սարգիս խանի մէջ գամուած կը մնայ այնուհետեւ. քիչ քիչ գործելէ ալ դադրեցաւ. Լանկայի գինետանց ճամբան եկեղեցւոյ ճամբան ըրած էր։ Քանիցս տեսայ զինքը. խօսք, խրատ, ոչինչ էին. - «Պէտք է մեռնիմ». միշտ այս էր իր պատասխանը։ Խաներու մէջ նոր սերունդ մըն ալ կայ, որ թէեւ խեղճութիւն ունի, բայց անձնասիրութեան ոգին շատ մեծ է ի նոսին։ Երանութիւն եթէ ունեցաւ Սարգիս, իր գինով ժամերն էին եւ տխուր մանին, զոր շատ անուշ կ՚երգէր, ձեռքն երեսին դրած, աչքերը նուաղելու չափ փակ։

Հօրեղբօրորդիս արցունքոտ աչքերով պատմեց մեզ թէ զնա տեսած էր Լալէի մզկիթին մէկ դրան ետեւ անկիւն մը քաշուած։ Նիհար, ոսկորները ցցուած եւ փայտ մըն ալ գիրկը, որուն կրթնելով երբեմն կորովի եւ քաջ երիտասարդը, դողդոջուն հոն կ՚երթայ։ Րամազանի օրեր եղած էին, հոն կ՚երթայ Սարգիս իրիկուընէ աւելցած կերակուրներ գտնելու։ Վա՜խ վախ։ Ի վերջոյ տեղեկացայ որ երկու ամիս այդպէս ասդին անդին, աւելցուքներէն կերակրուած է խանէն հեռի, որպէսզի ոչ ոք տեսնէ իր ծանօթներէն, եւ աղաչած էր հօրեղբօրորդւոյս որ մէկու մը չզգացնէ թէ Սարգիսը տեսած է այն վիճակին մէջ՝ իր արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու համար։ Պէտք է ըսեմ սակայն թէ իր գիւղացիներէն օգնողներ ունեցած էր գաղտ. ամբողջ վեց ամիս իրիկուան սեղանի համար ծախք եւ սենեկի վարձք չեն առած։

Ե.

Օգոստոսի 3-րդ օրը, ալ յուսահատ ամէն փրկութենէ, Հիւանդանոց կը տարուի Սարգիսը. վեցերորդ օրը առաւօտուն իր անուան վրայ սեւ գիծ մը եւ կուրծքին վրայ հողակոյտ մը։ Իր արկղէն ելած թղթի մը վրայ կարդացեր են.

«80 ոսկի առնելիք Աննիկի հօրմէ։

Աննիկ յանցաւոր չէ։
Իր մօրը չեմ ներեր։
Վա՜յ մօրս գլխին»։
Եւ հետեւեալ տողերը.
Կիտէր իքէն եար չըգմատը քարշըմա,
Պու սէնէտէ նէլէ՜ր կէլտի պաշըմա.
Պէն է օլիւրսէմ եազըն մէզար թաշըմա,
«Քոյ տէսինլէր» «շու մուրատսըզ էօլէն տիր»։

Այս գիշեր իր անուան տարեդարձն է. Աննիկ իր պզտիկ Վահրամը գրկած վառարանին քով՝ հարսանեաց տարեգլուխը կը կատարէ. հէք մայր մը, սառոյցի երկրի մը մէջ, անորդի նստած դրան ետեւ, մազերն սպիտակ, աչքերը նուաղուն կսկծանաց տակ, անշուշտ կը հառաչէ.

-Զաւակս, հեռու այս գիշեր արեւուդ համար մոմ կը վառէի Ս. Սարգսի առջեւ, աղօթք ու օրհնութիւն կ՚ընէի քեզի համար, այսօ՛ր ի՞նչ ընեմ…։ Պալըքլըի ծառերուն տակ ալ, ցրտին հովը, վույ վույ-ներով մեր խեղճ Սարգիսին օրօրը կը յօրինէ, իսկ ես կրակարանիս քով իր մանին կ՚եղանակեմ, իր կսկիծներուն մէջ կ՚այրիմ…։

Ի՞նչ կ՚ըսէք դուք, Արփիա՛ր. Աստուած այս տղուն դատաստանը չպիտի՞ տեսնէ։ Չեմ խառնուիր իր արդարութեանը, միայն թէ գիտեմ որ օգոստոսէն ի վեր աներեւոյթ ձեռք մը կը ծանրանայ այդ տանը վրայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2024