ԵՐԲ ԱՄԷՆ ԻՆՉ «ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ» Է…

Քանի որ Ողիմպիական խաղերու բացման հետ կապուած աղմուկը շատ էր, որոշեցի ուշացումով նայիլ «խնդրայարոյց» դրուագին:

Մեծ յարգանք ունիմ այդ ներկայացման մէջ վիրաւորանք նկատած քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն հանդէպ, բայց կապոյտ Տիոնիսի կերպարին եւ անոր նուիրուած տօնակատարութեան մէջ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքի» ակնարկ չտեսայ ես:

Համադրումը, ինչպէս նաեւ գործող անձանց շարժումները իմ ընկալումով՝ ամենեւին Քրիստոսն ու առաքեալները չէին յիշեցներ, բայց, ընդհանուր առմամբ, նման «ներկայացումները», ինչպէս օրինակ՝ վերջին «Եւրոտեսիլի» որոշ կատարումներ, իմ վրայ ծանր տպաւորութիւն կը թողնեն: Այդ ներկայացումներուն մէջ «անկապ» համահարթեցում մը կայ, հաւասարեցում ու յարաբերականութիւն մը կայ, որ, այո՛, «թրենտային» է, բայց բացարձակապէս իմ սրտով չէ:

Ինչի՞ մասին է խօսքը:

Ինծի համար գոյութիւն ունի յստակ դասակարգութիւն մը՝ վերեւը եւ ներքեւը, երկինքը եւ երկիրը, անմահը եւ մահկանացուն, սրբազանն ու աշխարհիկը, գեղեցիկը եւ տգեղը, բարին ու չարը, պարկեշտ մարդիկ եւ աւազակներ, տաղանդներ եւ միջակութիւններ, եւ այլն: Ժամանակակից, ծայրայեղ ձախ մտածողութիւնը այս բոլորին մէջ հաւասարութեան նշան մը կը դնէ եւ կոչ կ՚ընէ անսահման «ճշգրտութեան», որ չի ցանկար այդ երեւոյթներուն միջեւ տարբերութիւն մը դնել։

Ինծի համար կինը կին է, տղամարդը՝ տղամարդ: Մարդ պէտք է հայր եւ մայր ունենայ։ Ամուսնութիւնը կանանց ու տղամարդկանց միջեւ կը կնքուի։ Ի հարկէ, աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ կան միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք այլ կերպ կը մտածեն։ Անոնց նոյնպէս ամենայն յարգանքով կը վերաբերիմ ես, բայց ըսեմ, թէ ինչ վտանգ կը տեսնեմ այստեղ: Եթէ որեւէ ինքնութիւն կրնայ մերժուիլ, եթէ ամէն ինչ խօսելու եւ պայմանաւորուելու վրայ է, այլ խօսքով՝ ընկերային կառուցուածք մըն է, ապա՝ այդ սկզբունքի հետեւողական կիրառմամբ՝ իմ համաքաղաքացիները կրնան հասնիլ այն եզրակացութեան, թէ միեւնոյնն է՝ իրենք հա՞յ են, թէ՞ թուրք, Հայաստանի՞, թէ՞ Ատրպէյճանի մէջ կ՚ապրին…

Նման որոշ նախանշաններ ես արդէն կը տեսնեմ մեր հասարակութեան մէջ եւ սա, թերեւս վատ չըլլար, եթէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ճիշդ նոյն ձեւով մտածէին:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Հայաստանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2024