ՄԱՀՈՒԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Լիբանանի իրադարձութիւնները միայն քաղաքական չեն, այլ մանաւանդ՝ առողջապահական, կենսոլորտային եւ նոյնիսկ բնապահպանական։ Այսպէս, այդ երկրի ամենատագնապաբեր հարցերէն մին է Զուք գործարանը, որ ելեկտրական հոսանք կ՚արտադրէ։ Այդ գործարանը, որ վերջին տարիներուն խորհրդանշականօրէն կը կոչուի «մահուան գործարան», սկսած է դառնալ հարիւրաւոր մարդոց մահուան պատճառը։

Երեսուն տարուան կեանք ունի Զուք ելեկտրակայանը, որ իր հիմնադրութեան ժամանակներուն կը յարգէր արդիականութեան կանոնները եւ օրինակ կը հանդիսանար, այսօր արդէն դարձած է բեռ ու վտանգ։ Սկզբնական տարիներուն շոգիով կը գործէր գործարանը, հետզհետէ սկսաւ նահանջ ապրիլ։ Առաջին փուլին սկսաւ վառելանիւթ օգտագործել, ապա վատագոյն եւ վառելանիւթի հետեւանքով դարձաւ թունային արտանետումներու աղբիւր մը. այդ արտանետումները, անշուշտ, պատճառ կը դառնան քաղցկեղի տարածման։ Այս բոլորէն անդին, այդ թունակուտակումները այնքան ընդհանրացած են, որ կարգ մը պարագաներ փաստած են, թէ հիւանդութիւնը դարձած է ժառանգական ու փոխանցուած՝ սերունդէ սերունդ։

Ի հարկէ, Լիբանան ներկայիս իր առջեւ չունի նման հիմնական խնդիր մը լուծելու առաջնայնութիւնը, ան կը զբաղի երկրի հարաւային սահմանային շրջաններու անվտանգութեան հարցերով։ Բայց եւ այնպէս, ապահովաբար, յառաջիկային այս եւ նման խնդիրներու անլոյծ մնալը՝ երկիրը կրնայ տանիլ ներքին եւ ընկերային բնոյթով լուրջ պայթումներու։ Զուք կը կոչուի Պէյրութի արեւելեան շրջանի ծովափնեայ մէկ հատուածը, ուր բարձրացած են երկու աշտարակները ելեկտրակայանին, որ պատերազմական ու տնտեսական անելանելի իրավիճակի խորհրդանշանը դարձած է։

Միւս կողմէ, «Ալ Ախպար»ի վերլուծաբաններէն Ռաժանա Համիյէ յօդուածով մը խոշորացոյցի տակ առած է «մահուան գործարան»ը, որուն թէեւ շարժիչները անջատուած են, սակայն, անոնց ժամանակաւոր օգտագործումով կ՚արտանետուին թոյներ, որոնց ազդեցութիւնը կը մնայ երկար։

Ըստ յօդուածին՝ «մահուան գործարան» կոչուած է Լիբանանի Զուք ելեկտրակայանը: Երկրի մը տնտեսական ու պատերազմական պայմանները՝ ելեկտրականութիւն ունենալու համար երբեմն կ՚առաջնորդեն ընդունելու գործարան մը, որ վատ պայմաններով կ՚աշխատի:

1950-ականներուն կառուցուած է Լիբանանի Զուք շրջանի ելեկտրակայանը: Սկիզբները այն վտանգ չէր սպառնար, որովհետեւ գոլորշիով կը բանէր, իսկ գիւղատնտեսական առումով մշակելի էին շրջակայքի հողերը, ուր բնակիչները կ՚աճեցնէին բերքը եւ կ՚օգտուէին անկէ: Սակայն ամէն ինչ սկսաւ փոխուիլ... Երբ գործարանը իր աշխատելաձեւը փոխեց՝ անցնելով գոլորշիէն վառելանիւթի օգտագործման: Այս փոփոխութեամբ շրջանի դիմագիծը փոխուեցաւ, գործարանի շրջակայքի բնակիչները սկսան բողոքել սեւ ամպերէն, որոնք կ՚արտադրուէին գործարանէն։ Հետզհետէ, որքան «մահուան գործարան»ը մեծցաւ, այնքան քաղցկեղը տարածուեցաւ շրջանին մէջ, ուր գործարանի հարեւանները սերունդէ սերունդ կը ժառանգէին հիւանդութիւնը:

Լիբանանի «Փրկող Տիրամօր» հիւանդանոցի խումբ մը բժիշկներ նկատեցին, որ քաղցկեղի տարածումը եւ ժառանգականութիւնը սկսած է մտահոգիչ պատկեր մը պարզել ու ձեռնարկեցին հետազօտութիւններու։ Այս աշխատանքները տեւեցին 1990-2014 թուականներու միջեւ։ Ուսումնասիրութիւնները հետապնդեցին պատճառները Զուքի գործարանի հարեւաններու յաճախակի հիւանդանոց այցելութեան՝ թոքի եւ կուրծքի հիւանդութիւններու պարագաներով: Արդիւնքին պարզուեցաւ, որ քաղցկեղը կ՚աճի տարեկան 3 առ հարիւր տոկոսով: Ըստ բժիշկներուն, սակայն, ուսումնասիրութիւնը վերջնական պատկերը չներկայացուց, որովհետեւ բնակչութեան թիւը անընդհատ փոփոխութիւն կրեց արտագաղթի պատճառով։ Բայց եւ այնպէս, հաստատուեցաւ, թէ ով որ մնաց շրջանին մէջ, քաղցկեղը ժառանգեց իր ընտանիքէն։

Թէեւ պաշտօնական որոշում կար վերջնականապէս դադրեցնելու գործարանը եւ փոխարինել աւելի արդիականով մը, սակայն, պայմանները չթոյլատրեցին ու Զուք ելեկտրակայանը ժամանակաւորապէս սկսաւ գործել 2022 թուականի օգոստոսին։ Այս անգամ բնակիչներու բուռն առարկութիւններուն պատճառով նոյն տարուան սեպտեմբերին դարձեալ փակուեցաւ գործարանը, որուն աշխատանքը կրկին վերսկսաւ՝ տնտեսական պատճառներով։ Իբր այդ ալ բնակիչները միշտ վախի մէջ են «մահուան գործարան»էն։

Բաց աստի, վերոնշեալ պատճառներով քաղցկեղը մինչեւ այսօր կը շարունակէ սպաննել գործարանի հարեւանները: Ան նման է վարակի եւ քաղցկեղը կ՚աճի, որքան որ բնակութեան վայրը մօտ ըլլայ գործարանին։ Քաղցկեղով ախտորոշուածներու մեծ մասը կա՛մ երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակին գործարանի հարեւանութեամբ, կա՛մ անմիջականօրէն կ՚ենթարկուի ապականութեան, որ վերջին շրջանին աւելցած է վառելանիւթի վատ որակի պատճառաւ։

Մինչ այդ, ներկայիս գործարանի շարժիչները անջատուած են, բայց անոնց նոյնիսկ ժամանակաւոր գործարկումը կ՚արտանետէ թոյներ, որոնց ազդեցութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի անհետանալու համար: Ըստ մասնագէտներուն՝ այս գործարանի պատճառած վնասը իր գործարկման ժամկէտի լրանալու պատճառով աւելի շատ է, քան արտադրած ուժանիւթը: Բժիշկները կը շարունակեն հետեւիլ չարորակ հիւանդութեան աճին։ Այս տարի շրջանի հիւանդներուն թիւը գերազանցած է 300-ը, թոքերու քաղցկեղով տառապողներու թիւը աճած է 8 առ հարիւրով, մինչդեռ տարբեր տեսակի քաղցկեղով տառապողներու աճը կը տատանի 1.5-3 առ հարիւր սահմաններուն միջեւ։ Թոքերու քաղցկեղի պարագաներու բարձր աճը կը վերագրուի ապականութեան պղպջակի մը ներսը ապրելուն, ուր այս մարդիկ կը քնանան եւ կ՚արթննան, ինչպէս ընդհանրապէս ծխողները։ Այս տուեալները կը պատկանին միայն անոնց, որոնք բուժում կը ստանան կամ անոնց, որոնք գիտեն իրենց հիւանդութեան մասին, մինչդեռ կան բազմաթիւներ, որոնք դեռ չեն յայտնաբերած իրենց հիւանդութիւնը։ Երկու պատճառով բնակիչները չեն կրնար դարմանուիլ. առաջին՝ շատեր նիւթական կարողութիւն չունին, որպէսզի կանուխէն հետազօտուին, իսկ երկրորդ՝ մարդիկ վարժ են ապրելու «մահուան գործարան»ին մօտ։

Յօդուածը կ՚եզրափակուի բժիշկներուն խօսքերով՝ «Եթէ մէկը հազայ՝ կ՚ըսեն Զուքէն է, եթէ կուրծքը ցաւի՝ կ՚ըսեն Զուքէն է, մինչեւ որ արիւն թքնէ, այն ատեն կը հասկնան, որ Զուքը հիւանդը սպաննած է»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024