ՀԲԸՄ-Ի «ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։ Ան տեղեկացուց, որ այս ծրագրի շրջանակներէն ներս հայ երիտասարդները Հայաստանի մէջ կը մասնակցին կամաւոր մարդասիրական ու համայնքային զանազան նախագծերու եւ նոյնը կ՚ընեն նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ բարձրօրէն գնահատեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ կեանքի կոչուած նմանօրինակ ծրագրերը, որոնց շնորհիւ սփիւռքի հայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի ճանչնալու Մայր Հայաստանը, զօրացնելու ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ երիտասարդները հաղորդ դառնալով Հայաստանի իրականութեան եւ Հայաստանով առաւել ներշնչուած՝ իրենց կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ լուսաւոր ապագայի կերտման։ Հուսկ, ան հայորդիներուն պատգամեց նաեւ հաւատարիմ մնալ նախնեաց արժէքներուն, նախանձախնդրութիւն դրսեւորել ազգային ինքնութեան պահպանման նկատմամբ եւ աշխուժօրէն ներգրաւուիլ ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024