ՊԱՇ­ՏԱ­ՄՈՒՆ­ՔԻ ՎԵ­ՐԱ­ԲԱ­ՑՈՒՄ

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Օծման ու պաշտամունքի վերաբացման ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն համաձայն Սրբալոյս Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանը, սուրբ սեղանը, մկրտարանը եւ անհրաժեշտ բոլոր մասերը։ Ան քարոզին մէջ ալ անդրադարձաւ նուիրումի ոգիի կարեւորութեան։

Հարկ է նշել, որ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրը կեանքի կոչուած է՝ մեր ազգայիններէն Եդքին Պէպէրօղլուի, Զատիկ Թոքէրի եւ Մանուկ Քալայճըի նուիրատուութեամբ։

(Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2024