ԱՌԱՋՆԱՊՏՈՒՂ ԽԱՂՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՎՔԸ
Մեր սեղաններուն է արդէն այս տարուան առաջնաբերք խաղողը՝ բոլոր պտուղներու ամենէն օրհնուածը:
Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին օրհնուած խաղողը, յիրաւի, փառաւոր տեսք կը ստանայ արարողութենէն ետք, իսկ անոր օրհնութեամբ կ՚օրհնուին նաեւ տարուան ողջ բերքն ու բարիքը։
Ըստ աւանդութեան՝ օրհնուած խաղողէն պատրաստուած գինին նոյնպէս կ՚օրհնեն եւ կը պահեն մինչեւ յաջորդ տարուան խաղողօրհնէքը՝ որպէս լիառատութեան ապահովման նշան։
Տակաւին հին ժամանակներուն մարդիկ խաղողի իրենց առաջնաբերքը եկեղեցի կը տանէին, կ՚օրհնէին եւ կ՚ընծայէին օրհնուած խաղողը:
Նորաբերքի ընծայումը կ՚ուղեկցուէր տօնական միջոցառումներով՝ երգով, պարով, խաղերով։ Առատ սեղաններ կը բանային՝ տօնի աւանդական ուտեստներով:
Այսօր ալ անցեալի այդ աւանդութիւնները վերականգնելու ուրախութիւն մը կայ, շատեր մտերմիկ կը զգան՝ անցեալը ապրեցնելով, աւանդոյթը ոգեկոչելով:
Խաղողագործութիւնը հայերուն յայտնի եւ ծանօթ եղած է վաղնջական ժամանակներէն:
Ըստ Աստուածաշունչի յայտնի պատմութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հայրենիքը Հայաստանն է։
Դարձեալ ըստ Աստուածաշունչի, Նոյի համար խաղողէն գինի պատրաստելու գաղտնիքը բացայայտած է Նոյին այծը, որ ուտելով խաղողին վայրի պտուղները, գինովցած ու հրմշտկելու սկսած է միւս կենդանիները: Աստուածաշնչեան պատմութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ մարդկութիւնը բացայայտեց գինիին համը այն ժամանակ, երբ Նոյ նահապետը ջրհեղեղէն յետոյ Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթը։
Ղեւոնդ Ալիշանն ալ կը նշէ, որ Նոյը խաղող տնկած է Ակոռի գիւղին մօտ՝ Գինեբլուր, Գինեհովիտ, Գինեգետ տարածաշրջաններուն մէջ։
Տակաւին Քրիստոսէ առաջ 10-9-րդ դարերուն ուրարտացիները շատ զարգացած խաղողագործութիւն ունեցած են: Խաղողը Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկն է. ինչպէս բազմաթիւ ազգերու, մենք՝ հայերուս մօտ նոյնպէս պաշտելի է: Հայաստանի զինանշանին վրայ անոր պատկերը կայ:
Հայաստանի խաղողը կ՚անուանեն «արեւային խաղող», քանի հիմնականը կ՚աճի Արարատեան դաշտավայրին մէջ, ուր կիզիչ արեւ կայ:
Հայաստանի տարածքէն յայտնաբերուած հնագոյն քանդակներու, ժայռապատկերներու, քարէ փորագրութիւններու վրայ յաճախ կայ խաղողի պատկերը:
Գինիի հնձաններ, կարասներ, գինիի անօթներ, խաղողի ածխացած կուտեր, խաղողին առընչուող սեպագիր արձանագրութիւններ եւ բազմաթիւ վկայութիւններ նոյնպէս յայտնաբերուած են Հայաստանի ներկայ տարածքէն՝ պեղումներու ժամանակ: Գիտնականներ պարզած են, որ աշխարհի մէջ գինիի առաջին հնձանը Հայաստանի ներկայի տարածքին է՝ Արէնիի հնավայրը, ուրկէ նաեւ յայտնաբերուած է 5500 տարեկան կաշիէ կօշիկը: Հայաստանի գինիի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի նաեւ Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած ութ հազար տարեկան խաղողի կուտը, որ գտած են 2000-ականներուն՝ Արմաւիրի մարզի Առատաշէնի հնավայրէն՝ հայ-ֆրանսական գիտական համագործակցութեան շնորհիւ: Այդ տարածքին հնագոյն մարդը զբաղած է խաղողի հաւաքչութեամբ, որ նախադրեալ եղած է յետագային խաղողի ընտելացման համար։
Նուրբ պտուղ է խաղողը, որ կ՚ըմբոշխնենք թէ՛ իբրեւ համեղ արգասիք, թէ՛ իբրեւ բուժիչ պտուղ: Միակ պտուղն է, որուն համար գիտութեան մէջ զատ ճիւղ մը ստեղծուած է՝ խաղողագիտութիւնը: Այս մէկը ուսմունք է՝ խաղողի ողկոյզի եւ պտուղներու կառուցուածքի, բաղադրամասերու, անոնց յատկութիւններու մասին: Իսկ այդ ամէն ինչը անհրաժեշտ է թէ՛ սննդային, թէ՛ բժշկական արդիւնաբերութեան զարգացման համար: Խաղողագիտութիւնը իբրեւ գիտութեան ճիւղ մը արդէն իր տեղն ունի ուրիշ գիտութիւններու մէջ, արձանագրած է նուաճումներ, գիտական ձեռքբերումներ:
Գիտութիւնը խաղողը կ՚ուսումնասիրէ ամբողջ տարին, քանի որ խաղողը ունի գերվաղահաս, վաղահաս, միջահաս, ուշահաս եւ առաւել ուշահաս շրջաններ եւ քաղելէ ետք երկար կը պահպանուի:
Հայաստանի մէջ կան, ըստ բնական գօտիներու, խաղողի երեսուն տեղական եւ ինն բերովի տեսակներ, որոնցմէ տասնութը սեղանի խաղող կը նկատուին, իսկ քսանմէկը՝ գինիի: Կայ նաեւ վայրի խաղող, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ տեսակներ, որոնք միայն ուտելու համար կը պահուին:
Աւելի քան հարիւր խաղողի տեսակ կ՚աճի Հայաստանի մէջ, ուր սեղանի խաղողներուն մէջ նշանաւոր են Սպիտակ արաքսենին, Սպիտակ եւ Սեւ սաթենին, Դեղին եւ Վարդագոյն Երեւանին, Սեւ քիշմիշը, Նազելին, Խաչաբաշը եւ այլն: Գինիի խաղողները նոյնպէս անուանակոչուած են՝ Ոսկեհատ, Գառան դմակ, Սեւ Արենի, Մսխալի եւ այլն:
Խաղողագործութիւնը միշտ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղերէն մէկը եղած է:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան աւելի քան վաթսուն գինիի գործարաններ, որոնք խաղող կը մթերեն եւ ամբողջ տարին գինի կ՚արտադրեն: Մասնագէտները պարզած են, որ մէկ շիշ գինի պատրաստելու համար անհրաժեշտ կ՚ըլլայ վեցհարիւր հատիկ խաղող:
Հայկական խաղողները եւ գինիները կարեւոր դեր ունին կարգ մը երկիրներու հետ առեւտրային կապեր զարգացնելու համար: Հայաստանէն անոնք կը հասնին Եւրոպա, Ռուսաստան, Արեւելք: Եղանակին արտասահմանի մէջ պահանջուած է մանաւանդ Հայաստանի սեղանի խաղողը՝ իր ընտիր տեսակներով:
Առհասարակ, աշխարհի բոլոր բոյսերու մէջ ամենամեծ տեսականին ունի խաղողը: Գոյութիւն ունի խաղողի մօտաււորապէս ութ հազար տեսակ. այս տեսակները աւելի շատ են, քան մնացած բոլոր պտուղները միասին վերցուցած:
Խաղողի շատ տեսակներու համար նպաստաւոր են քարքարոտ տարածքները, բայց խաղողը ընդհանրապէս հարթ տարածքներու վրայ կ՚աճի:
Խաղողը այնքան տարածուած է աշխարհի տարածքին եւ իր տեսակներով այնքան բազմազան է, որ կարգ մը երկիրներ ունին խաղողին առընչուող աւանդութիւններ:
Այս պտուղը պատկերուած է նաեւ քանի մը քաղաքներու զինանշաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ: Ըստ հին ռուսական առասպելներու, դրախտային այգիի մէջ արգիլուած պտուղը եղած է ո՛չ թէ խնձորը, այլ՝ խաղողը:
Որոշ հասարակութիւններու մէջ աւանդոյթ մը կայ՝ Նոր տարուան գիշերը տասներկու հատիկ խաղող կ՚ուտեն՝ որպէսզի տասներկու ամիս երջանկութիւն ունենան:
Խաղողը այնքան փառաբանուած է, որ կարգ մը քաղաքներ անոր նուիրուած արձաններ ունին: Կան նաեւ խաղողի բերքահաւաքը խորհրդանշող արձաններ:
2016 թուականին տեղի ունեցած համաշխարհային աճուրդի մը ժամանակ հազուադէպ հանդիպող խաղողի մէկ տեսակի ողկոյզ մը վաճառուած է շատ բարձր գինով: «Հռոմէական ռուպի» կոչուող այդ տեսակը ստանալու համար ճաբոնցիները մօտաւորապէս տասնչորս տարի սպասած են: Անոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ ամէն մէկ հատիկը սեղանի թենիսի գնդակին չափը ունի: Ճաբոնցի մասնագէտները նաեւ հիանալի համ ստացած են այս տեսակին համար:
Այսօր ալ այդ խաղողը Ճաբոնի մէջ բարձր արժէք ունի:
ԽԱՂՈՂԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ
Նոյնպէս գոյութիւն ունի խաղողաբուժութիւն, որ սակայն չեն ընդունիր արեւմտեան առողջապահական կազմակերպութիւնները. անոնք միշտ կասկածով եւ վերապահութեամբ կը մօտենան աւանդական բժշկութեան, մինչդեռ դարերէ եկող բժշկութեան այս տեսակը նոյնպէս ապացուցած է ինքզինք:
Խաղողաբուժութիւնը յատուկ մշակուած սննդակարգ մըն է, որ կը ներառէ սնունդի մէջ մեծ քանակութեամբ խաղողի օգտագործումը, ներառեալ՝ սերմերու, որթատունկի մասերու, նաեւ՝ տերեւներու, բեղիկներու եւ այլն:
Այս կարգը մշակուած է տակաւին 19-րդ դարուն՝ Գերմանիոյ գինեգործական շրջաններու բուժավայրերուն մէջ եւ մինչեւ այսօր յաջող կերպով կը կիրառուի կարգ մը երկիրներու մէջ: Խաղողաբուժութեան կողմնակիցները կը վստահեցնեն, թէ զայն կարող է բուժել գրեթէ ամէն տեսակի հիւանդութիւն: Այս տեսութեան կողմնակիցները նաեւ այն կարծիքին են, որ հեռու չէ այն օրը, երբ խաղողը կը ներառուի շաքարախտով տառապողներու սննդակարգին:
Յայտնի է, որ որթատունկի մազիկներն ու տերեւները շատ հարուստ են Սէ. կենսանիւթով:
Խաղողահիւթին մէջ պարունակուող որոշ բաղադրիչներ կը գործածուին նաեւ գեղեցկագիտութեան ոլորտէն ներս, իբրեւ մաշկը երիտասարդացնող, արեւայրուքներէ պաշտպանող միջոց, հիւթը կը խառնեն դիմայարդարման զանազան միջոցներու բաղադրութեան մէջ:
Խաղողաբուժութիւնը ընդհանրապէս օգտուած է այն միջոցներէն, որոնք կ՚առաջարկեն հին բժշկապետերը:
Հին ժամանակ խաղողի չհասունցած պտուղներու՝ ազոխի հիւթը օգտագործած են մարմնի բարձր ջերմութիւնը իջեցնելու համար, բկաբորբի, բերանի խոցի բուժման ժամանակ, արիւնաթքութեան դէմ:
Կուտերն ու պտուղի կեղեւը փորհարութեան դէմ կիրառած են, չամիչը՝ հազի, միզապարկի հիւանդութեան դէմ:
Խաղողի հիւթը, հակառակ քաղցր ըլլալուն՝ գործածուած է ծարաւի յագեցման, քարային հիւանդութեան ու ախորժակի բացակայութեան պարագային: Զայն նշանակած են իբրեւ միզամուղ, անօթներու, լեարդի աշխատանքը կարգաւորող հիւանդութիւններու ժամանակ:
Շատ հին բժկապետեր նշած են խաղողի հիանալի ազդեցութիւնը՝ խռպոտութեան եւ ձայնի կորուստի ժամանակ:
Աւանդական բժշկութենէն ազդուելով՝ գիտական բժշկութիւնը նոյնպէս ուսումնասիրած է խաղողը եւ հիւանդներուն որոշ պարագաներու խորհուրդներ կու տայ՝ զայն օգտագործելու համար: Մանաւանդ նեարդային համակարգի հիւծուածութեան, թոքախտի ժամանակ բժիշկները չեն վարանիր խաղողի մասին խօսիլ:
Ամիրտովլաթ Ամասիացին կը գրէ, որ ճերմակ, քաղցր խաղողը օգտակար է շնչառական հիւանդութիւններու, սեռական անկարողութեան, իսկ եփուած հիւթը՝ քաղցրուն, ստամոքսի խոցի, երիկամներու ու միզապարկի հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար:
Հին ձեռագիրներու մէջ նշումներ կան նաեւ գարնան խաղողի ճիւղը կտրելու եւ անկէ դուրս եկող հիւթը գործածելու մասին: Այդ հիւթը ձիթապտուղի իւղի հետ կը նպաստէ նաեւ մազերու աճին: Օգտակար է նաեւ խակ խաղողի հիւթը, որ հին ժամանակ գործածած են կոպերու բորբոքման, տենդի ժամանակ:
Ինչպէս միւս պտուղներու, այնպէս ալ խաղողի պարագային, անհրաժեշտ է խաղողը ուտել պարապ ստամոքսով կամ՝ ճաշելէ երկու-երեք ժամ յետոյ:
ԽԱՂՈՂԱԾԷՍ
Հայերուն համար նոյնքան նշանակութիւն ունեցած է խաղողի բերքահաւաքը, որ կը սկսի Աստուածածնայ տօնի օրերուն, աւելի հին ժամանակներուն համընկած է Նաւասարդին:
«Պատերազմը կարող է սպասել, իսկ խաղողի բերքահաւաքը ոչ»: Ֆրանսական այս ասացուածքը կը բնորոշէ ճիշդ ժամանակին խաղողը հաւաքելու կարեւորութիւնը:
Խաղողի բերքահաւաքը հայոց մէջ աւանդաբար ծէսերով ուղեկցուած է: Խաղողը քաղած ժամանակ երգած են ու պարած, առաջին բերքի հետ կազմակերպած են խնջոյքներ, գովերգած են խաղողը: Օրհնուած խաղողէն այնուհետեւ ողկոյզներ տարած եւ դրած են լուսաղբիւրներու եւ խաչքարերու վրայ, որպէսզի թռչնակներն ալ անմասն չմնան այդ բարեբերութենէն: Կան խաղողագովքեր:
Գովենք, գովենք, ու՞մ գովենք:
Արեւելքի խաղողը գովենք:
Գովենք, գովենք, ո՞ւմ գովենք,
Ջան, խաղող, ջան, ջան,
Խաղողի համը գովենք,
Ջան, խաղող, ջան, ջան:
Երեխաներ, պար բռնեք,
Խաղողի համը գովենք,
Ա՜յ խաղող, համով խաղող,
Մեղրէն անուշ, քաղցր խաղող:
***
Քաղենք խաղողը, լեցնենք կողովը,
Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:
Բեր քաղենք սեւը, փռենք արեւը,
Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:
Բեր քաղենք խարճին, ծախենք, տանք խարճը,
Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:
Քաղենք Ըռըզգին, աղէկ կու տան գին,
Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:
Փըռենք պոլ չամիչ, ուտենք քիչ ու միչ,
Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:
Պոլ դոշաբ եփենք, ձմեռը շփենք,
Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան