ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՎՃԻՌ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ

Ե­րե­ւա­նի «news.am» կայ­քէ­ջը շա­բա­թա­վեր­ջին անդ­րա­դար­ձաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ բա­ցուած դա­տին՝ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։ Կայ­քէ­ջի թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ան­թի­լիա­սի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը յոյս ու­նի, որ մին­չեւ Նո­յեմ­բեր կ՚ար­ձա­կուի վճի­ռը։ Ար­դա­րեւ, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը ըն­դու­նած է դի­մու­մը, պա­հան­ջած է յա­ւե­լեալ փաս­տա­թուղ­թեր եւ ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ այս գոր­ծին քննու­թիւ­նը պի­տի սկսի յա­ջորդ ա­միս։

Ըստ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րուն, Յու­լի­սի մէջ Րա­մա­զա­նի տօ­նը եւ Օ­գոս­տոս ամ­սուան տե­ւո­ղու­թեան Թուր­քիոյ դա­տա­կան ար­ձա­կուր­դը պատ­ճառ դար­ձած են, որ այս դի­մու­մին վե­րա­բե­րեալ քննու­թիւ­նը եր­կա­րաձ­գուի։ Ան­թի­լիա­սի կան­խա­տե­սում­նե­րով, քննու­թիւ­նը պի­տի սկսի Սեպ­տեմ­բե­րին եւ հա­ւա­նա­կան է, որ Հոկ­տեմ­բե­րին կամ Նո­յեմ­բե­րին տրուի պա­տաս­խա­նը։ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը պէտք է այս դի­մու­մին պա­տաս­խա­նէ վեց ամ­սուան ժամ­կէ­տի մը մէջ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նը պա­հան­ջած է յա­ւե­լեալ փաս­տա­թուղ­թեր, Ան­թի­լիաս այն­պէս կ՚ըն­դու­նի, թէ իր դի­մու­մը ար­դէն ըն­դու­նուած է։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան­ցեալ Յու­նի­սին Փա­րի­զի մէջ, Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած քննար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ եւս ե­ղած էր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը Ապ­րի­լի 28-ին պաշ­տօ­նա­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցած էր իր դի­մու­մը՝ պա­հան­ջե­լով Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րանն ու կա­լուած­նե­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015