ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 8 - ՎԱԶԳԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՀԵՏ…
1975-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի նոր շէնքին բացումին առիթով, բացի բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններէն, բազմաթիւ բարերարներէ, ազգայիններէ եւ այցելուներէ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսն ալ հրաւիրուած էր Երուսաղէմ։
Այդ ի՜նչ խանդավառութիւն էր, այդ ինչ պատրաստութիւն տեսանք ամբողջ տարի մը։ Միացեալ երգչախումբ, պարախումբեր, երգողներ, արտասանողներ…
Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի դիւանագիտական կարգադրութեամբ՝ Յորդանանի եւ Երուսաղէմի սահմանը բացուեցաւ եւ մեծ բազմութիւն մը առանց յատուկ արտօնութեան եկաւ Երուսաղէմ ընկերանալով Վեհափառ Հօր, որ Յորդանանի ճամբով եկաւ, նաեւ Յորդանան արցելած ըլլալու համար։
Բնականաբար Վեհափառը, Ալեքս Մանուկեանը եւ բոլոր հիւրերը ո՛չ միայն նոր շէնքի բացումին ներկայ գտնուեցան, այլեւ՝ բոլոր կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին։
Ես ալ դպրոցական երգչախումբին մաս կը կազմէի եւս առաւել պիտի ասմունքէի։
Հանդէսի ժամանակ Վիգէն Արք. Այգազեանը այն ժամանակ Հայր Վիգէն, անձեռոցիկ մը փոխանցեց ինծի վրան գրուած. «Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»ը ինչպէս կը սկսի»։ Անմիջապէս գրեցի եւ վերադարձուցի։ Յետոյ ուրիշ բանաստեղծութեան մը սկիզբը թէ վերջը, չեմ յիշեր, խնդրեցին, բայց ալ տեղ չկար գրելու եւ որովհետեւ ամպիոնին շատ մօտիկ նստած էի, բարակ-մարակ, պզտիկ-մզտիկ ամպիոնին տակը սպրդեցայ, որպէսզի Վեհափառին գաւազանակիրին յուշարար ըլլայի։
Հետաքրքրական փորձառութիւն էր։
Երբ պատրիարքարան կը բարձրանան, բարերարներէն մէկը հիացումով կը խօսի ասմունքիս մասին եւ պատրիարքը կ՚ըսէ. «Հիմա լուր ղրկեմ թող գայ արտասանէ»։
Ուրախութիւնս թեւեր առած էր… Մեծ ասմունքողի հովերով անմիջապէս ցանկը պատրաստեցի մտքիս մէջ եւ գնահատելու համար պատրիարքին գնահատելը ինծի, ներս մտայ իր բանաստեղծութիւնը արտասանելով. «Օրերն անդարձ խոստմնադրուժ ճամբորդներ են»…
Ինչպիսի գովասանքներ լսեցի, հիացած էին ասմունքովս եւ զարմացած, թէ ինչպէս այդքան շատ եւ երկար բանաստեղծութիւններ միտքս պահած եմ… Կէս ժամէն աւելի արտասանեցի ինչ որ գիտեմ՝ Թէքէեան, Վարուժան, Սիամանթօ, Կապուտիկեան, Իսահակեան, Թումանեան։ Փաթթուկներ, պաչիկներ, գովասանքներ, Վազգէն Վեհափառը Էջմիածնի խաչ մը նուիրեց ինծի։ Երջանիկ տուն եկայ։
Եւ անցան օրեր ու տարիներ… Ես ալ մեծցայ եւ Հայաստան մեկնեցայ ուսումս շարունակելու։
Ինչպիսի ուրախութիւն էր երբ ուսանողներով Վեհափառին պիտի այցելէինք, միտքս դրի անպայման յիշեցնել, որ ես այդ աղջիկն եմ, որուն ասմունքը շատ հաւնած էր։ Նաեւ Վեհափառը ծնողքս պէտք էր յիշէր, որովհետեւ հայրս իր հին դրամներու հաւաքածոյէն յիսուն հայկական դրամ նուէր տուած էր Էջմիածնի թանգարանին, յիսուն հատ ալ Ալեքս Մանուկեան թանգարանին։
Ուսանողներէն մէկը խօսք առաւ Վեհափառին արեւշատութիւն եւ առողջութիւն մաղթեց։ Յետոյ Վեհափառը հարցնել սկսաւ ո՛վ ուրկէ՞ է եւ ճիշդ ժամանակն էր ես անմիջապէս ոտքի կեցայ եւ ըսի. «Վեհափառ ես Երուսաղէմէն եմ, այն աղջիկն եմ, որ Եղիշէ Պատրիարքը կանչած էր արտասանելու եւ դուք ինծի Էջմիածնի խաչ մը տուիք»։
Վեհափառը ժպտաց, գլուխը շարժեց։ Սուս ու փուս դուրս ելայ, թերեւս յստակ չխօսեցայ կամ ձայնս ցած էր մտածեցի։ Վնաս չունի յաջորդին…
Զատիկէն ետք դարձեալ ուսանողներով այցելեցինք Վեհափառին։ Դարձեալ բարի մաղթանքներ եւ Վեհափառը հարցուց ո՛վ ուրկէ՞ է, իսկ ես դարձեալ յիշեցուցի ով ըլլալս եւ դարձեալ Վեհափառը ժպտաց եւ գլուխը շարժեց…
Մտածեցի, որ մոռնալ սկսեր է կ՚երեւի…
Յաջորդ տարին դարձեալ այցելեցինք, ես անպայման կը մասնակցէի այդ այցելութիւններուն, որովհետեւ վերջապէս Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը պիտի ստանայինք։ Բայց այս անգամ միտքս դրի բերանս չբանալ… Ինչ ընեմ, չեմ կրնար պարտադրել, որ յիշէ։
Նոյն մաղթանքները, նոյն հարցումները եւ արդէն ոտքի ելանք հրաժեշտ տալու երբ Վեհափառը հարցուց.
-Երուսաղէմացի արտասանող աղջիկը էս անգամ չի՞ եկել…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024