ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԵՌԻՆ ՏԱԿ
Հայաստանին հասցուած մեծագոյն վնասներէն մէկը՝ հասարակութեան արհեստական բաժանումն է հակադիր խումբերու: Եւս աւելի մեծ անհեթեթութիւն է, երբ բաժանումը տեղի կ՚ունենայ՝ ըստ հասարակութեան ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ խումբերու: Մէկ խումբի կարծիքով՝ հայոց փրկութիւնը Ռուսաստանէն պիտի գայ, բայց պարզ չէ, թէ յանուն ինչի, իսկ միւսին համոզումով՝ մեր փրկութեան բանալին Արեւմուտքի ձեռքն է՝ դարձեալ առանց յօդաբաշխ հիմնաւորման, թէ ինչու համար եւ, ամենակարեւորը, Արեւմուտքի կողմէն այդ բանալին ի՛նչ ձեւով պիտի գործադրուին։ Ոչ ոք կը պատրաստուի բացատրել, մինչդեռ ակնյայտ է, որ աշխարհի մէջ միայն շահերը կը գործեն եւ ո՛չ ոք ո՛չ մէկը փրկելու պարտաւորութիւն մը ունի: Կան չոր հաշուարկներ, գործնական շահագրգռութիւններ, իսկ երկիրներու ու ազգերու ճակատագրերու արժէքը զերոյական է:
Մեր օրինակը ուղղակի պէտք է յիշեցնէ, թէ «ազատ ու մարդասէր» միջազգային հանրութիւնը ինչպէս ինքզինք պահեց, երբ Պաքուի բռնապետը երկար ամիսներ մարդասիրական աղէտի մատնած էր Արցախի ժողովուրդը, կամ երբ էթնիք զտում իրականացուց անոր դէմ՝ երկու օրուան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աւելի քան 120 հազար ազգաբնակչութիւնը բռնատեղահանելով երեքհազարամեայ իր բնօրրանէն։
Ի դէպ՝ պապանձուած աշխարհի հայեացքին ներքոյ ոչ-պակաս ահասարսուռ վիճակի մէջ յայտնուած են Կազզէի պաղեստինցիները: Փոքրիշատէ մտածելու ընդունակ մարդու համար սա պէտք է բաւական ըլլար հասկնալու համար, թէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ բարոյականութիւն չկայ, չկան արժէքներ. լոկ խօսքեր են անոնք, որոնց տակը, իրականութեան մէջ, դատարկութիւն է։ Սակայն, ինչպէս կը տեսնենք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող տեղեկատուական մեծ արդիւնաբերութիւն մը մարդկանց «կը զոմպիացնէ», զանոնք կը զրկէ սթափ մտածելու ընդունակութենէն, առասպելներ ու համոզումներ կը ձեւաւորէ, թէ մենք թշնամիներ ունինք, բայց նաեւ ունինք աջակից եւ նուիրեալ բարեկամներ:
Յանուն արդարութեան պէտք է նշել, որ մենք չենք միակ ժողովուրդը, որուն կրցած են «զոմպիացնել», առողջ դատողութենէ զրկել։ 2008-ին վրացիները կը համոզէին, թէ բարի Արեւմուտքը իրենց օգնութեան կը հասնի, եթէ Ռուսաստանի դէմ պատերազմ սկսի: Յետոյ ուքրանացիները համոզած էին, թէ իրենք Ռուսաստանի դէմ պատերազմին յանուն Ազատութեան եւ ամենազաւեշտալին այն է, որ ո՛չ միայն Ուքրայնայի համար կը զոհուին, այլեւ՝ յանուն աշխարհի Ազատութեան: Ուքրանացիներուն մեծ մասը կը կարծէր, թէ իրենք չար ուժերու դէմ ինչ-որ վսեմ առաքելութիւն մը կ՚իրականացնեն, սակայն միայն իրենք կը զոհուին, իսկ հիմա եկած է իրենց երկրին մէկ մասը զոհաբերելու գնով պատերազմը դադրեցնելու ժամանակը:
Եւրոպան յոգնած է պատերազմէն, իսկ հարցը, թէ ինչո՞ւ միայն ուքրանացիները պէտք է հարիւր հազարաւոր զոհեր տան յանուն ուրիշներու «ազատութեան», անպատասխան կը մնայ։
Արեւմտամէտութիւնն ու ռուսամէտութիւնը յաճախ ո՛չ միայն արտաքին ուժերու պատրաստած ծուղակն է, որով չկայացած հանրութիւնները կը կառավարեն, այլեւ՝ ներքին քաղաքական շահերու սպասարկման գործիք մը: Որպէս օրինակ՝ յատկանշական են Հայաստանի նախկին իշխանութեան հնարքները:
Արհեստագիտութիւնը բաւական պարզունակ էր. քանի որ Հայաստան ռուսական ազդեցութեան գօտի է, ուրեմն ընդդիմութիւնը պէտք է արեւմտամէտ կողմնորոշում ունենայ, որպէսզի Ռուսաստան ստիպուած ըլլայ «չարեաց փոքրագոյնը» ընտրելու։ Սա, միաժամանակ, խուսանաւումներու համար աւելի լայն դաշտ կը բանար։
Նմանատիպ փորձ մը 1996-ին Հայոց համազգային շարժումը (ՀՀՇ) կը ցանկար ընել՝ ջանալով նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւոր հակառակորդը դարձնել համայնավարներու թեկնածու Բադալեանը եւ այդպէսով թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսաստանի հակահամայնավար իշխանութեան աջակցութիւնը ստանալ։
1996-ին այս փորձը չյաջողեցաւ, փոխարէնը՝ յաջողեցաւ 2018-ին. արհեստական դրածոն յաղթեց՝ ողբերգական յայտնի հետեւանքներով։ Քաղաքական «փոքերի» խաղին Հայաստան պարտուեցաւ: Ըստ էութեան՝ բոլորս պարտուեցանք եւ այդ պարտութեան բեռը ցայսօր չենք յաջողած թօթափել:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի