ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանը վերջերս վաւերացուցած է՝ նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի գլխաւորած կառավարութեան կազմը, որու մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած է Արաղչիին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Միրզոյեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը՝ նոր առաքելութեան կապակցութեամբ եւ անոր յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Թեհրան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք ընդգծեցին բարեկամական կապերու, փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս ամուր գործընկերութեան, ապագայ ամրապնդման ուղղութեամբ շարունակական ջանքեր գործադրելու երկուստեք պատրաստակամութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ համապատասխան ծրագրերուն։

Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անխախտելիութեան կապակցութեամբ Իրանի դիրքորոշումը։

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2024