ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա սպասուած զրոյց մըն էր՝ քանի Փութին քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ծաւալած քննարկումներէն տեղեակ պիտի պահէր Փաշինեանը։
Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին այս զրոյցին շուրջ։ Քրեմլինէն տեղեկացուեցաւ, որ վարչապետն ու նախագահը շարունակած են քննարկել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր՝ հաշուի առնելով Փութինի Պաքու կատարած պետական այցելութեան ընթացքին Ալիեւի հետ վարած բանակցութիւնները։ Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց, ապագային ալ աջակցութիւն ցուցաբերել՝ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, սահմանազատման, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան ու լոժիստիք կապերու ապաշրջափակման գործընթացները յառաջ մղելու հարցերուն մէջ։ Փաշինեան եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք յատկապէս ընդգծեցին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան դրական թափը։ Երկու ղեկավարները համաձայն գտնուեցան՝ շփումները շարունակելու ուղղութեամբ։
Երեւանէն՝ վարչապետի աշխատակազմին կողմէ հրապարակուեցաւ յարաբերաբար աւելի ամփոփ հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութիւնը գրեթէ նոյնանման է։ Հայկական կողմի հրապարակման մէջ շեշտուած է, որ Փաշինեան եւ Փութին պայմանաւորուած են՝ պատեհ առիթով մը հանդիպիլ երկկողմանի օրակարգի հարցերու քննարկման համար։