ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ՉԿԱՅ
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ ակնկալուած բնականոնացման գործընթացին թափը դարձեալ իջած է։ Թուրքիա եւ Սուրիա բաւական կը դժուարանան հարթելու համար իրենց խնդիրները։ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այս պահուն Թուրքիոյ հետ մերձեցման գործընթացէն ներս յառաջընթաց չկայ՝ հակառակ միջնորդներու ջանքերուն։ Էսատ միջնորդներու շարքին թուարկեց Ռուսաստանը, Իրանը եւ Իրաքը։ Այս վերջնոյն հետ Թուրքիա արագ թափով յարաբերութիւններու որակը փոխել կը յաջողի՝ ի տարբերութիւն Սուրիոյ։
«Ռուսաստան, Իրան եւ Իրաք Թուրքիոյ հետ հաշտեցման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած են եւ մենք դրական արձագանգած ենք անոնց, սակայն որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, հակառակ միջնորդներու անկեղծութեան», ըսաւ Էսատ։
«ՌԻԱ Նովոստի»ի հաղորդումերով՝ Էսատ դիտել տուաւ, որ երբ համաձայնութիւններ ձեռք բերուին, ապա անոնք համատեղ կը յայտարարուին ու կը դառնան համատեղ յայտարարութիւններու հիմք եւ կը ներառեն բանակցութիւններ՝ մերժելով կողմերէ որեւէ մէկուն կողմէ երկակի չափանիշներու կիրառումը։ Էսատ հերքեց, որ Սուրիա պատրաստ չէ բանակցութիւններ վարելու՝ նախքան Թուրքիոյ զօրքերու իր տարածքէն դուրս բերուիլը։ «Կարեւոր է, որ մենք ունենանք յստակ փուլեր եւ որեւէ նախաձեռնութեան հիմքը պէտք է ըլլայ ինքնիշխանութիւնը», համոզուած է Պեշար Էսատ։