Հայերէն գրական լեզուաճիւղերու գոյակցութեան համար քաղաքական նոր պայմաններ
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ սուրիահայ լեզուաբան, մանկավարժ, արեւմտահայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, եւ այժմ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Յակոբ Չոլաքեան: Ան հանդէս եկաւ «Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները սփիւռքահայ դպրոցի համապատասխան փորձի լոյսին տակ» զեկուցումով: Յակոբ Չոլաքեան ի միջի այլոց առաջարկեց Հայաստանի դպրոցներու ծրագրին մէջ կանուխէն ընդգրկել արեւմտահայ գրողներու գրականութիւնը՝ դասական ուղղագրութեամբ, որպէսզի երախաները մատղաշ տարիքին ծանօթանան արեւմտահայերէնին եւ դասական ուղղագրութեան։
Աւստրիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ գիտաշխատող Հրաչ Մարտիրոսեան զեկուցեց «Խոհեր արդի հայերէնի խնդիրներու շուրջ» թեմայով: Ան անդրադարձաւ հայերէնի սովետական ուղղագրութեան գործադրութեան պատճառով լեզուի արմատներու շտեմարանի նուազումի հարցին, այդ երեւոյթը այնքան ալ վնասակար չնկատելով, պատճառաբանելով՝ որ նախադասութիւնը կը բնորոշէ բառին իմաստը, ուրեմն, անհրաժեշտ չէ տարբեր արմատներով զանազանել նմանաձայն արմատները։ Եւ «Յարութիւն» ֆիլմին վրայ հիմնուելով ան անտեղի նորաբանութիւններու եւ փոխառութիւններու առընչուող խնդիրներու անդրադարձաւ:
Հրաչ Մարտիրոսեան, իբր եւրոպական միջավայրի մէջ ծառայող երիտասարդ գիտաշխատող, սովետական դպրոցի միակ կարծրատիպ ներկայացուցիչն էր այս համագումարին ընթացքին։ Իսկ Լեւոն Եզեկեան, նոյն դպրոցի տարեց միակ անձնաւորութիւնն էր, որ իր խօսքը ըսելէ ետք շուտով հեռացաւ դահլիճէն։
Գիտաժողովը ընթացաւ շատ դրական մթնոլորտի մէջ։ Նոյնիսկ վերոնշեալ երկու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր, կարծիքներու եւ դիրքորոշումներու, ճակատներու ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար։
Եղան հետաքրքրական բազմաթիւ զեկուցումներ։ Կարելի չէ մէկ առ մէկ բոլորին անդրադառնալ։ Առ ի տեղեկութիւն նշենք, որ Ֆրանսայէն սոյն գիտաժողովին մասնակցեցան՝ Յակոբ Պալեան՝ «Փոքրիկ քայլերով մերձեցման առաջարկներ», Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան՝ «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցի շուրջ լուծումը երկու ուղղագրութիւններու միասնականացումով, դասականի հիմքի վրայ», Արմինէ Գրիգորեան՝ «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միատեղ եւ զուգահեռ շփումն ու զարգացումը», Ժիրայր Չոլաքեան «Հայերէնը ֆրանսերէնի շուքին» խորագրեալ զեկոյցներով։
Գիտաժողովի երկրորդ օրուան աւարտին իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սփիւռքի նախարարուհին ըսաւ, որ լեզուի խնդիրը մեր ազգի գերխնդիրն է այսօր. եթէ լեզուն տկար վիճակի մէջ է եւ խնդիրներ ունի, մենք ենք յանցաւորը։ Ուրիշ ոչ մէկ ազգի, երկրի կամ աշխարհաքաղաքական երեւոյթ չենք կրնար մեղադրել, քանի որ ասիկա մեր լեզուն է եւ մենք ենք անոր պահապանը։ Ան աւելցուց, որ՝ «սա սկիզբ էր, թերեւս առաջին գործնական քայլն էր, որ եղաւ հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղղութեամբ։ Խնդրի լուծման նպատակով յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ երեք տարբեր յանձնախումբերու ստեղծումը, որոնք՝ օգտագործելով տեղեկատուական արդի հնարաւորութիւնները, կ՚աշխատին տարբեր եղանակներով, նիստեր կը գումարեն, կը կազմակերպեն քըն-նարկումներ, կը հրապարակեն յօդուածներ եւ կը ներկայացնեն ճշգրիտ առաջարկներ ու խնդիրներու լուծման ուղիներ»։
Նախարարութիւնը արդէն որոշած է լեզուագիտական տարեկան համաժողով կազմակերպել։ 2016-ի համաժողովներու ծրագրին մէջ արդէն ամրագրուած է այս նիւթով յաջորդ համաժողովին թուականը. ան տեղի պիտի ունենայ Յուլիսին: Նախարարուհին նշեց, որ կարելի է աւանդական դարձող համաժողովներէն մէկն ալ կազմակերպել Լիբանանի մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ։
Ամփոփելով համաժողովը, Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ քանի մը կէտերու վրայ, որ յառաջիկային բանաձեւի տեսքով պիտի որդեգրուի համաժողովին կողմէ։ Ըստ նախարարուհիին, պիտի ստեղծուին աշխատանքային երեք խումբեր, ամէն մէկը որոշակի նպատակով։ Առաջինին աշխատանքը պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը։ Ըստ նախարարուհիին, պէտք է ստեղծել արեւմտահայերէնի զարգացման ծրագիր։ Ան աւելցուց, որ համաժողովին զանազան տեսակէտներ հնչեցին, թէ ինչպէս կարելի է զարգացնել արեւմտահայերէնը՝ մէկը ըսաւ, որ դասարաններ բանանք դպրոցներու մէջ, ուրիշ մը՝ դասագիրքեր տպենք, ուրիշ մը ըսաւ մասնագէտներ պատրաստենք, հեռատեսիլով հաղորդումներ ընենք…
Բոլոր առաջարկները ընդունելի են, կը մնայ ստեղծուելիք աշխատանքային խումբին այդ ծրագիրը կազմելը եւ իրենց՝ նախարարութեան ներկայացնելը։ Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու որեւէ մէկ հարցի, զոր կը ներկայացնէ Սփիւռքի նախարարութիւնը:
Երկրորդ աշխատանքային խումբը պիտի զբաղի հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման հարցերով. «Մերձեցում ըսելով նկատի ունինք թէ՛ բառամթերքի որդեգրում, թէ՛ որոշ արտայայտութիւններ, որոնք կրնան արեւմտահայերէնէն արեւելահայերէն թափանցելով թէ՛ հարստացնել լեզուն եւ թէ զայն մաքրել արդէն ամրագրուած օտարաբանութիւններէ։ Պէտք է ստեղծել ելեկտրոնային ցանց, որու մէջ աշխատին խումբերը եւ ամէն շաբաթ տեղեկատուութիւն կատարուի։ Երրորդ աշխատանքային խումբը պիտի զբաղի ուղղագրութեան հարցով։ Ուղղագրութեան քննարկման հարցը այլեւս արգելք չէ Հայաստանի պետական մարմիններուն համար, որոնք պատրաստ են լսելու եւ ընդունելու հիմնաւորուած ու խելամիտ առաջարկներ, իսկ այդ առաջարկները պիտի ծնին նման համաժողովներու արդիւնքով. պետութիւնը պատրաստ է աջակցելու դասական ուղղագրութեան հիմքի վրայ կատարուող ծրագրերուն», աւելցուց նախարարուհին:
Ան ընդգծեց, որ հարկ չէ մեծաթիւ մարդիկ ընդգրկել աշխատանքային խումբերուն մէջ, այլ՝ ամէն մէկ խումբի մէջ պէտք է ըլլան չորս-հինգ մասնագէտ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Այդ աշխատանքային խումբերը քննարկումներ կը կատարեն եւ առաջարկներ կը ներկայացնեն, որոնց ալ ընթացք կը տրուի քաղաքական որոշման հիման վրայ։ Ըստ նախարարուհիին, այսօր փաստ է, որ մեր լեզուն երկփեղկուած է։ Ինչ ալ ըսեն, այս մէկը փաստ է։ Թէ նախապէս ի՛նչ եղած է մեր լեզուն, պէտք է մէկ կողմ ձգենք եւ այսօր խօսինք հրապարակի վրայ եղող մեր լեզուի մասին։ Երկու հայերէններն ալ պէտք է համաչափ զարգանան. այնպիսի բան չկայ, որ ըսենք այս մէկ հայերէնը գործածուող է, պաշտօնական լեզու է, աւելի պիտի զարգանայ. այդպիսի բան չկայ, երկու հայերէններն ալ պէտք է զարգանան։
Ան եզրափակեց ըսելով, թէ լեզուի հիմնական կրողներն են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Անթիլիասը, Պոլիսը, Երուսաղէմը, Մխիթարեանները, որպէս կեդրոններ։ Լեզուով մտահոգ կառոյցներու կարգին նշեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որոնք ալ կրնան յառաջիկային դառնալ աջակից՝ հայերէնի պահպանման միտող ծրագրերուն մէջ։ Ըսաւ, թէ համաժողովէն ետք ինք նամակներ պիտի ուղարկէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եւ պիտի յայտնէ իրենց մտահոգութիւնները։
Հետաքրքրական էր գիտաժողովի նիստավարներէն Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեանի անդրադարձը՝ սոյն նախաձեռնութեան ստեղծած հետաքրքրութեան աստիճանին մասին, նկատի ունենալով Հայաստանի անկախութենէն ի վեր հայերէնի լեզուաճիւղերուն եւ յատկապէս՝ ուղղագրութեան հանդէպ լեզուաբաններու կրքոտ վերաբերումը, հեռու գիտական ու ազգային փոխշահաւէտ ռազմավարական մօտեցումներէ։ Սերժ Սրապիոնեան հաստատեց լեզուական հարցերով զբաղող հայաստանցի հիմնական մասնագէտներու հետաքրքրութեան պակասը՝ ըսելով, թէ կը սպասէին, որ հետաքրքրութենէն կոտրէին դահլիճին դռները, բայց այդպէս չեղաւ։ Ուրեմն, ըստ Սրապիոնեանի, կարելի է ենթադրել, թէ լեզուի մասին սովորաբար բարձր ամպիոններէ խօսողները իրենք զիրենք գովազդելու նպատակ ունէին եւ ոչ՝ լեզուի հարցեր լուծելու, այլապէս ներկայ կը գտնուէին նման կարեւոր համաժողովի մը, որ ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցեր կը քննարկէ, այլ խօսքով՝ լեզուական ճակատագիր կը վճռէ։
Սերժ Սրապիոնեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արտասահմանէն եկած մասնագէտներուն, նշելով. «այս համաժողովէն սկիզբ պիտի առնէ հայութեան լեզուական ճակատագրի հիմնական որոշ հարցերու լուծումը»։
Գիտաժողովին ստեղծած հետաքրքրութեան վերաբերեալ այս անդրադարձը կարեւոր էր։ Կարելի է ըսել, որ Սփիւռքի շահագրգիռ կողմերէն ալ նոյնքան հետաքրքրութեան պակաս կը նկատուի։ Պարագան էր աւանդական կուսակցութիւններու, համահայկական կազմակերպութիւններու, որոնք թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ունին կառոյցներ, մասնաճիւղեր, որոնք կը վարեն դպրոցներ, ամէն օր կ՚ապրին լեզուաճիւղերու բախումնալի տագնապը։ Պարագան էր նաեւ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ իր երկու կաթողիկոսութիւններով, պատրիարքութիւններով, թեմերով, դպրեվանքներով, դարաւոր հայկական մատենագիտական ծիսական աւանդութեամբ, որոնք նոյնպէս բացակայ էին, լուռ։
Անշուշտ որոշ չափով ըմբռնելի է Սփիւռքի կարգ մը հաստատութիւններու «հետաքրքրութեան պակասը», իբր հետեւանք վերապահութեան, անվստահութեան կամ յուսալքութեան։ Հայաստանեան կողմը անարդար կերպով այս նիւթով Սփիւռքի նախանձախնդրութիւնը մեկնաբանած է իբր Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղագրական փոփոխութիւն պարտադրելու ճիգ: Ուրեմն, բացի մի քանի մտաւորականներէ, ձեւով մը ամէնուրեք «հետաքրքրութեան պակաս» մը կը տիրէ այս կալուածին մէջ։
Նիւթը յոյժ կենսական ու մասնագիտական ըլլալով հանդերձ, կ՚ենթադրէ լեզուագիտական լայնամիտ եւ արդիական մշակոյթ, քաղաքական կամք ու որոշում։ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գիտութեան ազգային ակադեմիայի նախաձեռնութեան ետին կ՚ընդնշմարուի բարձր մակարդակի պետական քաղաքական դիրքորոշման փոփոխութիւն, որ ուղղագրական խնդիրէն անդին կը հետապնդէ աւանդական Սփիւռքի եւ նորաստեղծ գաղութներու հետ կրթական, մշակութային եւ քաղաքական բազմադէմ յարաբերութիւններ ու նպատակներ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Շար. 2 եւ վերջ