ՀԱՃԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանին հետ 22 օգոստոս 2024-ին կարճատեւ հանդիպում մը ունեցայ: Սրբազան հայրը փափաք յայտնեց երեկոյեան հանդիպիլ Երեւանի մէջ՝ մեզի ընկերակից ունենալով թերթիս երիտասարդ սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեանը: Երեկոյեան, ժամադրավայրին մէջ, ժամադրութեան ժամուն դարձեալ հանդիպեցայ սրբազան հօր, որ խումբ մը սաղիմահայերու հետ կանգնած կը զրուցէր: Մօտեցայ, ողջունեցի եւ… յանկարծ նկատեցի, որ այդտեղ կանգնածներու շարքին էր թերթիս պատուակալ աշխատակից տիկին Անուշ Նագգաշեան, որ ընթերցողներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած է:
Անուշ Նագգաշեանին ծանօթ էի թերթիս էջերէն: Դէմ առ դէմ հանդիպելու առիթը չէի ունեցած: Մեծ ուրախութիւն էր իր հետ ծանօթանալը:
Հրայրն ալ արդէն միացած էր մեզի:
Վիգէն սրբազանը, արդարեւ, մտայղացումը ունեցած էր մեր հանդիպումին մասնակից դարձնելու նաեւ Անուշը՝ նկատի ունենալով, որ երեքս ալ՝ տիկին Նագգաշեանը, Հրայրը եւ ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն ենք: Սրբազան հայրը Անուշը Երուսաղէմի մէջ ճանչցած էր, իսկ Տաղլեանին ու զիս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միջոցով յայտնաբերած էր:
Հանդիպումը այնքան մտերիմիկ ու տպաւորիչ էր:
Վիգէն սրբազանի անմիջականութիւնն ու հայրական վերաբերմունքը ձգողական ուժ մը ունին իրենց մէջ. իր դիմացինը կը քաշէ դէպի զինք:
Անուշ Նագգաշեան, թէեւ առաջին հանդիպումն էր, բայց կարծէք վաղեմի ծանօթներ ըլլայինք: Առաջին տպաւորութիւնը այն էր, որ Անուշը իր անունին տէրն է՝ իրապէս անուշ: Այս մասին թերեւս թերթիս խմբագիրը ի՛նք վկայէ՝ վերյիշելով Անուշի հետ իր առաջին հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ…
Մէկ խօսքով, ունեցանք հաճելի եւ պատմական հանդիպում մը: Հաճելի, որովհետեւ Վիգէն սրբազանի ներկայութեամբ այլ բան սպասել կարելի չէ: Պատմական, որովհետեւ ի՜նչ-ի՜նչ նիւթերու եւ մեծութիւններու մասին խօսեցանք. օրինակ՝ Օշականէն, Վահրամ Մավեանէն եւ այլնէն…:
Ի վերջոյ, այս հանդիպումը պիտի չկայանար, ամիսներ առաջ պատիւը պիտի չունենայի Վիգէն սրբազանին հետ անձնապէս ծանօթանալու, ո՛չ ալ Անուշ Նագգաշեանին հետ, եթէ չըլլար հայ մամուլի նահապետն ու ռահվիրան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ մեզ զօդող օղակն էր:
Երկար տարիներու նաւավարութիւն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ