«ՄԱՐԴ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿՐՆԱՅ ՍՏԱՆԱԼ ԱՅՆՔԱՆ՝ ՈՐՔԱՆ ԻՆՔ ԱՆՈՐ ԿՈՒ ՏԱՅ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ներկայ էր նաեւ Անկլիքան եկեղեցիէն Հայր Ճոն Ուիլի, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ բացատրեց, որ մարդ բարիքներէ կ՚օգտուի այնքան՝ որքան ինք թոյլ կու տայ։ «Աստուած ալ մեզ օգտակար կրնայ ըլլալ այնքան՝ որքան մենք կ՚արտօնենք։ Մարդուն Աստուծոյ մօտեցումն ալ այդպէս է։ Մարդ Աստուծոյ կը մօտենայ այնքան՝ որքան ինք կը փափաքի», ըսաւ ան։ Աւետարանական զանազան դրուագներ յիշեցնելէ վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Աստուծմէ բան մը ստանալու պայմանն է՝ անոր մեր սիրտը բանալն ու անոր յանձնուիլը։ Արդարեւ, մարդ Աստուծմէ կրնայ ստանալ այնքան՝ որքան ինք կու տայ Աստուծոյ եւ պէտք է տայ։ Հուսկ, ան բոլորին յորդորեց Տէրը փնտռել, երբ որ առիթ կայ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2024