ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻ ԽՈՐՔԻՆ. ՄՈՒԹ ԹԹՈՒԱԾԻՆ
Գիտնականները յեղափոխական յայտնագործութիւն կատարած են Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսին գտնուող Քլարիոն-Քլիփըրթըն շրջանին մէջ։ Պարզուած է, որ Խաղաղական ովկիանոսի խորքին տեղակայուած մետաղական հանգոյցները «մութ թթուածին» կ՚արտադրեն առանց լոյսի եւ կենդանի օրկանիզմներու օգնութեան:
Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսի Քլարիոն-Քլիփըրթըն գօտիէն (CCZ) ներս աշխատող գիտնականները առաջին անգամ յայտնաբերած են, որ ծովու յատակին մետաղական հանգոյցները կ՚արտադրեն իրենց սեփական թթուածինը, զոր կոչած են «մութ թթուածին»: Նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Խաղաղական ովկիանոսի յատակին յայտնաբերուած մետաղական հանգոյցները թթուածին կ՚արտադրեն լիակատար մթութեան մէջ։ Այս հետազօտութիւնն ու նոր յայտնաբերումը առաջին անգամն է, երբ գիտնականները նկատած են, որ թթուածին կ՚արտադրուի առանց օրկանիզմներու մասնակցութեան եւ մարտահրաւէր կը նետէ Երկրի վրայ կեանքի յառաջացման մասին մեր գիտելիքներուն:
«Երբ առաջին անգամ ստացանք այս տուեալները, կը կարծէինք, որ գիտելիք հաւաքող մեր գործիքները սխալ են, քանի որ մինչ այժմ ծովու խորքին կատարուած իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն միայն թթուածին կը սպառէ», կ՚ըսէ հետազօտութեան յառաջատար հեղինակ, դասախօս եւ ծովու յատակի բնութեան եւ կենսաերկրաքիմիական հետազօտութեան ղեկավար Էնտրիւ Սվիթման: Բայց երբ գործիքները շարունակեցին ցոյց տալ նոյն արդիւնքները, Սվիթման եւ իր գործընկերները հասկցան, որ իրենք «կը շրջին շրջադարձային եւ նախապէս չմտածուած բանի մը վրայ»:
Արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են յուլիսի 22-ին՝ «Nature Geoscience» ամսագրին մէջ, ցոյց կու տան, որ Քլարիոն-Քլիփըրթըն գօտիի փոքր մետաղական հանգոյցները թթուածին կ՚արտադրեն ծովու ջուրի ելեկտրոլիզի միջոցով եւ այդպէսով ծովու ջուրը կը լուծուի թթուածինի եւ ջրածինի: Հետազօտութեան համաձայն՝ այս լիցքը կրնայ յառաջանալ ելեկտրական ներուժի տարբերութենէն, որ գոյութիւն ունի հանգոյցներու ներքեւ մետաղական իոններու միջեւ, ինչ որ կը յանգեցնէ ելեկտրոններու վերաբաշխման:
Այս կառուցուածքները, որոնք կը կոչուին բազմամետաղային հանգոյցներ, տարածուած են ովկիանոսի հարթավայրերու մէջ, որոնք ծովու յատակի հարթ շրջաններ են՝ ովկիանոսի մակերեւոյթէն 3000-6000 մեթր խորութեան տակ: Այս հանգոյցները հիմնականին մէջ կը պարունակեն երկաթի եւ մանկանի օքսիտներ, քոպալթի, նիքելի եւ լիթիումի նման մետաղներ, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ հողային տարրեր։
Սվիթման եւ գործընկերները ի սկզբանէ ձեռնամուխ եղան ուսումնասիրելու 4․5 միլիոն քառակուսի քիլօմեթր տարածութեամբ Քլարիոն-Քլիփըրթըն գօտիի ծովու յատակի էքօհամակարգի վրայ բազմամետաղ հանգոյցներու հաւանական ազդեցութիւնը։ Որպէս այս գնահատման մաս՝ հետազօտողները չափած են թթուածինի փոփոխութիւնները՝ օգտագործելով զանազան վայրերու մէջ տեղակայուած յատուկ փորձարարական խցիկներ: Սովորաբար, գիտնականները որքան աւելի խորը կը սուզուին ովկիանոսին, թթուածինի մակարդակը այնքան աւելի ցած կը դառնայ, քանի որ աւելի քիչ լոյս կայ, աւելի քիչ օրկանիզմներ եւ, հետեւաբար, թթուածինի նուազ արտադրութիւն: Սակայն, թթուածինի ակնկալուող անկման փոխարէն տուեալները ցոյց տուին ծովու յատակէն շարունակուող արտանետումները:
Մութ թթուածինի յայտնաբերումը 4000 մեթր խորութեան վրայ, ուր լոյսը չի կրնար թափանցել, մարտահրաւէր կը նետէ գիտնականներու համոզման, որ Երկրի թթուածինը բնական ճանապարհով կ՚արտադրուի միայն ֆոթոսենթեզի միջոցով։ Սվիթման ըսաւ, որ այս յայտնաբերումը նաեւ նոր հարցումներ կը յառաջացնէ շուրջ 3․7 միլիառ տարի առաջ Երկրի վրայ կեանքի ծագման վերաբերեալ:
«Որպէսզի մոլորակի վրայ կեանք սկսի, պէտք է թթուածին ըլլայ եւ պատկերացումներու համաձայն՝ Երկրի թթուածինի մատակարարումը սկսած է ֆոթոսենթեթիք օրկանիզմներէն», ըսած է Սվիթման եւ շարունակած․ «Բայց մենք հիմա գիտենք, որ թթուածին կ՚արտադրուի նաեւ ծովու խորքին, ուր լոյս չկայ։ Ուստի մենք կը հարցնենք՝ ուրկէ՞ կրնայ սկսիլ կեանքը։ Կը կարծեմ, որ պէտք է վերանայինք նման հարցումներուն»:
«Արդիւնքները նաեւ նոր մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն հանքարդիւնաբերական բազմամետաղային հանգոյցներու վերաբերեալ, որոնք կրնան թթուածինի կենսական աղբիւր ըլլալ խորջրեայ էքօհամակարգերու համար», աւելցուցած է Սվիթման:
Բազում անպատասխանի հարցումներ բացայայտուած են այս յայտնագործութեան միջոցով, այնուամենայնիւ, տակաւին բազում առեղծուածներ գոյութիւն ունին Երկրի վրայ կեանքի սկիզբին մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ