ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի էթնոմշակութային, աշխարհայեացքային եւ հոգեւոր-գաղափարական ոլորտէն ներս, կարելի է դիտարկել՝ որպէս ազգային ինքնութեան կամ տեսակի ծրագրուած ոչնչացման գործընթաց: Այս միտքով համոզուելու համար պէտք չէ հեռու երթալ. բաւական է ուշադիր հետեւիլ Հայաստանի կառավարութեան օրակարգին, վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձի, անոր տիկնոջ, խմբակիցներու խօսոյթներուն, ինչպէս նաեւ ժամանակ առ ժամանակ Արեւմուտքէն փոխանցուող ազդակներուն եւ արդէն վերը արձանագրուած դատողութեան անառարկելի ապացոյցները կ՚ունենանք։
Երեւոյթը նոր չէ, այլ սկզբնաւորուած է տակաւին 2018 թուականին եւ գուցէ՝ ատկէ ալ առաջ, երբ այժմեան կառավարութեան առանցքային պաշտօններու նշանակուած կամ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ ընտրուած երիտասարդ հայերը Իսթանպուլի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներէ կ՚անցնէին եւ տեղացի մասնագէտներու հետ համագործակցաբար Հայոց պատմութիւնը, արուեստն ու մշակոյթը կը վերախմբագրէին (…)։ Այս համայնապատկերին վրայ յատկանշական է 2018-ի հոկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցը Հայաստան: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ իր զրոյցին մէջ ան ըսած է. «Կարծեմ՝ ժողովուրդի մը համար առաւել նախընտրելի է միջազգային հարթակի վրայ լայն հնարաւորութիւններ ունենալ եւ պատմական կաղապարներով չկաշկանդուիլ։ ԱՄՆ-ի տեսանկիւնէն՝ որքան աւելի զօրեղ է ժողովրդավարութիւնը, այնքան աւելի մեծ է ԱՄՆ-ի եւ նոյն արժէքները կրող այլ երկիրներու հետ շփուելու առիթը»։
Դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչ նկատի ունէր ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան «պատմական կաղապարներով չկաշկանդուիլ» արտայայտութեամբ: Բնականաբար, բառացիօրէն պիտի չըսէր, թէ Հայաստանի համար նախընտրելին՝ ազգային ինքնութենէն հրաժարիլն է, որպէսզի արժանի տեղ մը ունենայ միջազգային ասպարէզին մէջ: Եւ խօսքը այստեղ ուղղուած էր ժողովուրդին, որովհետեւ իշխանութիւնը՝ ի դէմս անոր թիւ մէկ կրողին, լաւ գիտէ այդ մասին ու հետեւողականօրէն իր կեանքին մէջ կը մարմնաւորէ՝ գոհացնելով արեւմտեան իր տէրերն ու, անտարակոյս, թուրք-ատրպէյճանական միաւորումը։
Պատահական չէ, որ 2021 թուականի դեկտեմբերի 8-9-ին, ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահի նախաձեռնած՝ ժողովրդավարական երկիրներու գագաթաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանը, մինչդեռ հրաւիրեալներու ցանկէն դուրս մնացեր էին այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Չինաստան, Ռուսաստան, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Իրան ու եւս շատեր: Համաժողովի նպատակն էր «խթանել պարտաւորութիւններն ու նախաձեռնութիւնները երեք հիմնական հարցերու շուրջ՝ մենատիրութենէ պաշտպանութիւն, պայքար կաշառակերութեան դէմ եւ աջակցութիւն՝ մարդու իրաւունքները յարգելու գործին»: Ակնյայտ է, որ նշուած բոլոր ուղղութիւններուն մէջ Հայաստանը երկու ոտքով «կը կաղայ», բայց ան քանի որ հաւատարիմ է Ուաշինկթընի պատգամներուն, ուրեմն, «արժանի տեղ ունի միջազգային ասպարէզէն ներս»:
Ուշագրաւ յիշեցում մը. Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, երբ պարտուած Գերմանիան ու Ճաբոնը նոր աշխարհակարգին համար վտանգաւոր երկիրներ սկսան համարուիլ, անոնց նկատմամբ ապառազմականացման զուգահեռ՝ նաեւ ապազգայնացման գործընթաց մը սկսաւ կիրառուիլ։ Մասնաւորապէս Գերմանիոյ պարագային նախատեսուած էր համապատասխան մասնագէտներու՝ հոգեբաններու, ընկերաբաններու ջանքերով գերմանացի ժողովուրդին մէջէն հանել, «ազգայնական վերապրուկները», այսինքն՝ վերադաստիարակել զանոնք, «մաքրել անոնց հոգիները»: Ի դէպ, ապազգայնացման ծրագրին ապահովումը թողուած էր տեղական վարչակարգերուն, որոնք նախապէս իշխանութեան բերուած էին ապազգայնացման քաղաքականութիւնը գլուխ բերելու խիստ յանձնարարութեամբ:
Եթէ հակիրճ ամփոփենք՝ Հայաստանի մէջ ներկայիս, կարծես թէ, ապազգայնացման նոյն ծրագիրը կենսակոչուած է իշխանութեան բերուած յատուկ տեղական վարչակարգերու կողմէ՝ նոյն արտաքին ուղեցոյցներով, Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք մշակուած ապազգայնացման փորձի ոգիով:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի