ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽՏԱՑՈՒՄ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը կը շարունակէ գրասէր շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ստեղծուած հետաքրքրութեան զուգահեռ՝ Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին համար կը կազմակերպուին զանազան շնորհանդէսներ, որոնց հերթականը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Կրետէ կղզիին մէջ։ Տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի օրհութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը համախմբեց տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքէն դէմքեր, հետաքրքիր յոյներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը ֆրանսահայեր, որոնք կ՚այցելէին Կրետէ։

Գինեձօնի բացման արտայայտուեցաւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ ըսաւ. «Այս գիրքը հայկական սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է»։

Աւելի վերջ նախ արտայայտուեցաւ տքթ. Արտա Ճէպէճեան, որ եղած է գիրքին խմբագիրը, իսկ աւելի վերջ խօսեցաւ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան։

Նորին Սրբազնութիւնը եզրափակիչ փուլին այս անգամ արտայայտուեցաւ յունարէնով՝ միշտ բարձր պահելով հեղինակը։

Ծանօթացման հաւաքոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաներուն եւ հեղինակին միջեւ ծաւալուեցաւ անմիջական զրոյց։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024