ՀՐԱՇԱԾԻՆԸ…

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։ Հրաշածին մանուկը արդէն ծնողներու գրկին մէջ է։

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Լուսէին մայրը 47 տարեկան է։ Քսանհինգ տարուայ անպտղութենէ վերջ ան յղութեան մասին իմացած է ծննդաբերութենէ վայրկեաններ առաջ։

Նորածին Լուսէն այժմ մասնագէտներու վերահսկողութեան տակ է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024