ՍԻՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի կը պատրաստուի Թուրքիա այցելել՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ աշխուժութիւն, որ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով եւ փոխադարձ այցելութիւններով։ Այս մթնոլորտին մէջ, երկու նախագահներու գլխաւորութեամբ նախատեսուած է Թուրքիա-Եգիպտոս բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստը։

Մօտաւոր անցեալին Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ ձիւնահալ մը հաստատուած էր՝ նախորդած տագնապալի ժամանակաշրջանէն վերջ։ Նախագահ Էրտողանի Գահիրէ այցը այդ ձիւնահալի անկիւնաքարը հանդիսացած էր։ Ընթացքին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շփումներ տեղի ունեցած էին։ Ի լրումն այս բոլորին, նախագահ Սիսի Անգարա պիտի գայ սեպտեմբերի 4-ին։

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր ուշադրութեան առարկայ կը դարձուի Կազզէի իրավիճակը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024