ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին դարձեալ թէժ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալուին։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը նախատեսէ աշնան սկիզբին վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ թափ տալ իշխանափոխութեան ուղղեալ պայքարին։ Ամրան ամիսներուն ընդդիմութիւնը որոշած էր դադար տալ իր գործունէութեան, ինչ որ իշխանամէտ շրջանակներու եւ զանազան վերլուծաբաներու կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս ձախողման ապացոյց։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ ընդդիմադիր շարժման պարագլուխներէն երեսփոխան Գառնիկ Դանիէլեան վերջին օրերուն յայտարարեց, որ ամբողջ ամառ աշխատած են, օր մը իսկ չեն հանգստացած։
Գառնիկ Դանիէլեան, որ խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան երեսփոխաններէն է, դիտել տուաւ, թէ աշխուժութիւնը չէ նուազած։ Իր խօսքով՝ կ՚ակնկալուի, որ գործընթացները ա՛լ աւելի աշխոյժ կ՚ըլլան յառաջիկայ աշնան։
«Մենք աւելի նոր ըսելիքով, նոր գործելաոճով պէտք է այս ամէնը շատ աւելի առարկայական դարձնենք եւ հասնինք մեր նպատակին», նշեց Դանիէլեան եւ ընդգծեց, որ կ՚ակնկալուի նաեւ քաղաքացիներու աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ իշխանափոխութիւն ապահովելու համար։