ՎԱՀՐԱՄԵԱՆ՝ RFI-Ի ԳԼՈՒԽԸ
Ֆրանսայի հեռուստակայաններու աւագ աշխատակիցներէն Ակնէս Վահրամեան կը պատրաստուի նոր պաշտօնի մը կոչուիլ՝ յառաջիկայ սեպտեմբերի 16-ի դրութեամբ։ Ֆրանսահայ յայտնի եւ վաստակաւոր լրագրողը նշանակուած է «Radio Franceinfo-RFI»ի տնօրէնուհի։ Ան այսպէսով պիտի գլխաւորէ՝ 44 տեղական ռատիօկայաններէ բաղկացեալ մեծ ցանց մը։
Ֆրանսական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած է այս նշանակումը։ Հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուին Ակնէս Վահրամեանի ասպարէզի ճոխ կենսագրութեան մանրամասնութիւնները։ Երեք տասնամեակէ ի վեր ծաւալած գործունէութեամբ ան հեղինակութիւն դարձած է իր մասնագիտութեան մէջ ու կը դասուի Ֆրանսայի յառաջատար հեռուստահաղորդավարներու շարքին։ Անցեալին թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատած է Ակնէս Վահրամեան, որ վերջին շրջանին լուսաբանած է նաեւ Ուքրայնայի պատերազմը։ Ի շարունակութիւն 30-ամեայ արհեստավարժ գործունէութեան նուաճումներուն՝ ան յառաջիկային պիտի գտնուի «RFI»ի գլուխը։