ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ծանօթ է, որ Փութին վերջերս պետական այցելութիւն մը տուած էր Պաքու, ուրկէ վերադարձին կապ հաստատած էր նաեւ Երեւանի հետ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Պաքուէ վերադարձին ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ, Փութին երէկ դարձեալ խօսեցաւ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկումը շարունակուած է Անդրկովկասի իրավիճակի զանազան հարցերուն շուրջ՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը, սահմանազատումը եւ երկու երկիրներու միջեւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։ Այս կապակցութեամբ Մոսկուա հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու հաւանական բոլոր օգնութիւնները Երեւանին եւ Պաքուին՝ համապատասխան փոխադարձ ընդունելի լուծումներու մշակման համար։
Զրուցակից նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին՝ Փութինի օրեր առաջ Ատրպէյճան կատարած պետական այցելութեան յաջող արդիւնքներուն կապակցութեամբ։ Այդ բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացումը կը նպաստէ Ռուսաստան-Ատրպէյճան դաշնակցային եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ապագայ խորացման։