ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Պրիւքսէլի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն ժողովը։ «Կիմնիչ» կը կոչուի այս անպաշտօն հաւաքներու ձեւաչափը եւ տարին երկու անգամ եւրոպացի նախարարները այս հարթակին վրայ կ՚արծարծեն օրակարգային հարցերն ու ապագայի տեսլականը։
Այս օրուան «Կիմնիչ»ը արտասովոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Թուրքիա ԵՄ-ի կողմէ հրաւէր ստացած է։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ է հաւաքին մասնակցելու համար։ Այս իրադարձութիւնը կը տեղաւորուի՝ Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու ուղղեալ երկխօսութեան որոնումներու շրջանակին մէջ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ֆիտանի ներկայութեամբ կ՚արծարծուին նաեւ վիզայի հարցերը, որոնց հետեւանքով վերջին շրջանին լրջօրէն կը տուժեն Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները։
Նախարարներու հաւաքին մասնակցելու առընթեր, Պրիւքսէլի մէջ Ֆիտան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան կը մէկտեղուի Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման կոմիսար Օլիվէր Վարհելյիի, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներէն այլ շարք մը պաշտօնակիցներուն հետ՝ ներառեալ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը։ Երկկողմանի հանդիպումներու ընթացքին, բացի Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններէն, կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան Ուքրայնայի պատերազմին, Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան եւ Հարաւային Կովկասի վիճակին շուրջ։
Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր կը շեշտէ, որ Պրիւքսէլի հետ յարաբերութիւններու մէջ ամբողջական ու համապարփակ մերձեցումը անհրաժեշտ կը համարէ։ Ֆիտան այս օրուան հաւաքին կը վերահաստատէ Թուրքիոյ յստակ դիրքորոշումը՝ Կիպրոսի հիմնահարցին շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի յայտնած էր, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ հինգ տարի վերջ ստացած հրաւէրը։ «Այս հրաւէրը ազդանշան մըն է, թէ ԵՄ-ի կողմէ կ՚ըմբռնուի՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային փորձութիւններու դիմաց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ դեսպանը։
Հաքան Ֆիտանի դէպի Պրիւքսէլ ուղեւորութեան մթնոլորտին մէջ թրքական կողմը վերստին կը յիշեցնէ իր անդամակցութեան գործընթացին վերակենդանացումը, Մաքսային միութեան աժմէականացման սպասումը, մուտքի արտօնութիւններու ազատականացումը, երկխօսութեան դրութիւններու վերակենդանացումը։ Բաց աստի, թրքական դիւանագիտութիւնը շօշափելի քայլեր կ՚ակնկալէ, որպէսզի քաղաքական, տնտեսական, հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի նման բնագաւառներու պարագային, ուր սերտ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է, վերստին գործարկուին բարձր մակարդակի երկխօսութիւնները: