ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն երկու պաշտօնակիցներ, որոնց ներկայութիւնը ողջունելի էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար։ Այսպէս, մեր այցելութեան եկած էին՝ լրագրող Արաքս Կասեան եւ լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեան, որոնք կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուին Իսթանպուլի մէջ։ Թէ՛ Արաքս Կասեան եւ թէ Դաւիթ Յակոբեան վառ ներկայացուցիչներ եւ հեղինակաւոր դէմքեր կը նկատուին իրենց ընդգրկած բնագաւառներէն ներս, ուր բարի համբաւ ձեռք բերած են արհեստավարժ լրջութեամբ ու կարողութիւններով։

Կասեան եւ Յակոբեան, որոնք նախապէս ալ զանազան առիթներով Թուրքիա այցելած են, այս անգամ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ծրագիրներէն մէկուն բերումով եկած են Իսթանպուլ։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթը՝ «AGBU Magazine» որոշած է նիւթ մը հրատարակել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Այդ նիւթի պատրաստութիւնը վստահուած է Արաքս Կասեանին եւ Դաւիթ Յակոբեանին, որոնք քանի մը օրուան համար քաղաքս գործուղղուած են։

Այս առաւօտեան զրոյցին ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ պոլսահայ համայնքային շրջանակներուն հետ շփման մէջ են քանի մը օրէ ի վեր։ Այս ամբողջին մէջ այցելած են նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուած են հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ ժամադրուած են նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։

Արաքս Կասեան եւ Դաւիթ Յակոբեան նշեցին, որ հայ իրականութեան տեսակէտէ միշտ ալ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Պոլիսը։ Հիւրերը դիտել տուին, որ համայնքային շրջանակներու հետ շփումներու առընթեր, հնարաւորինս կը ջանան տեսնել նաեւ Իսթանպուլի պատմամշակութային վայրերը, որոնց պարագային եւս հայկական լուրջ հետքեր գոյութիւն ունին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024