Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՆԱԼԸԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ուխտաւորաց խումբը կը գլխաւորէր Արեւելեան թեմի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։
Հարկ է նշել, որ ամերիկահայ այս ուխտաւորներու խումբը Պոլիս հանդիպած է՝ դէպի Հայաստան ուխտագնացութեան ճանապարհին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալէ վերջ հիւրերը աղօթեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ու վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024