ՉԱՐԻՔԸ՝ ՄԱՐԴՈՑ ՄՏՔԻՆ ՄԷՋ
Քանի որ ամէն ինչ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ թէ Աստուած բացարձակապէս եւ անվիճելի Բարի է, ապա ուրեմն չարը որ գոյութիւն ունի, չարիքներ որոնք կը պատահին, ո՞ւրկէ են։ Արդարեւ, այս հարցը կը զբաղեցնէ միտքեր՝ պատասխան մը գտնելու համար, թէ՝ չարիքը, որ յաճախ տեղի կ՚ունենայ «գոյացութի՞ւն» է, թէ «գոյացութեան արդիւնք»։ Այլ խօսքով, չարը ստեղծուա՞ծ է, թէ ստեղծուած բարիին այլասերումը՝ ստեղծուածին արարքով։
Շատ պարզ օրինակ մը՝ ծառին վրայ որեւէ պտուղ թարմ է եւ ախորժելի, բայց երբ փրցուի, միջոց մը վերջ հետզհետէ կը թօշնի, կը թառամի եւ անախորժ կը դառնայ։ Պտուղը «բարի» հասած է, բայց ժամանակի ընթացքին, արտաքին ազդեցութիւններու ենթարկուելով «չար» եղաւ։ Ուստի, կարելի՞ է ըսել, որ ծառը «չար» պտուղ տուաւ։ Եւ ուրեմն, բնութեան այս պարզ օրինակով, պատշաճ է կարծել, թէ գոյացութեան արդիւնք է չարը։ Հետեւաբար, չարիքները պատահարներէն կ՚առնեն իրենց անունները, այս իմաստով, բարին կը փոխուի չարի, եւ «չար» կը կոչուի։ Եւ ուրեմն, դրդիչ մը, գրգռիչ մը մարդուս մտքին մէջ կը ստեղծէ չարիքներ եւ չարիք գործողը իր «գործ»էն կ՚առնէ չարութեան անունը։ Սակայն, գործողը նոյնը չէ գործուածին հետ, ինչպէս որ կօշկակարը, երբ կօշիկներ կը կարէ, ինք կօշիկ չ՚ըլլար, այլ կօշիկը պատրաստող՝ որով եւ արուեստին անունը կ՚առնէ, այսպէս ալ չարագործը չարիք գործելուն համար չարութեան անունը կ՚առնէ…
Այս իսկ պատճառով՝ իրաւացիօրէն մարդիկ կ՚անուանուին «չարիքներու արարիչներ», քանի որ իրենք են պատճա՛ռ չարիք գործելու կամ ո՛չ։
Եւ պէտք չէ որ չարը եւ չարիքները «գոյացութիւն»ներ անուանուին, այլ՝ գոյացութիւններու արարք եւ արդիւնք։
Երբ մէկը քարերէն շէնք մը կառուցանէ, շինող կ՚ըլլայ, աւելի լայն իմաստով, արարիչ կ՚ըլլայ շինուածին՝ յօրինուածին եւ ոչ թէ գոյացութեան։ Արդ, ինչպիսի՞ բանի մը վերածեց Աստուած «բարի»ն. լաւի՞ թէ յոռիի։ Եթէ լաւի, ապա ուրկէ՞ կու գայ չարը։
Մարմնաւորը, ընդհանուր առումով նիւթը ժամանակի ընթացքին կը մաշի եւ ի վերջոյ կ՚ոչնչանայ, կը չքանայ. նիւթին բնութիւնն է ասիկա։ Ամէն «նոր» կը հիննայ, կը նուազի եւ կը տկարանայ։ Բայց հոգին միշտ նոյնը կը մնայ, չի տկարանար, չի նուազիր։ Ուրեմն, նիւթի կապուած «բարի»ն ալ ենթակայ է այս փոփոխութեան եւ ուրեմն ժամանակի մէջ ան կրնայ կորսնցնել իր յատկութիւնը։ Անմեղ մանուկը երբ հասուն մարդ ըլլայ, նոյն «անմեղ մանուկ»ը կը մնա՞յ…
Ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ Յիսուս կը պատուիրէ «մանուկի պէս» մօտենալ իրեն։
Ուրեմն, չարին պատճառը մարմինն է, լայն իմաստով «նիւթ»ը, եւ ուրեմն այնքան ատեն որ հոգին մարմնի մէջ է, անխուսափելի՛ է բարիին չարի վերածուիլը, չարիքներու ներկայութիւնը։
Կեանքի պայքարը, ահաւասիկ, հո՛ս է. բնատուր բարիին չարի վերածուիլը կարելի չափով ուշացնել, չարին ազդեցութիւնը թեթեւցնել, նուազեցնել։ Բնական պայմաններու մէջ կարելի չէ բոլորովին կասեցնել չարը, բայց կարելի է չարէն հեռու մնալ եւ մասամբ խափանել անոր տիրապետութիւնը մեր երկնային կեանքին մէջ։
Չարը պիտի պատահի միշտ եւ բնականաբար, բայց մարդուն կը պարտի զգոյշ եւ զգաստ ըլլալ չարին նկատմամբ եւ չյանձնուիլ չարին, սիրել բարին եւ հետեւիլ բարիին, եւ եթէ նոյնիսկ հանդիպի չարին՝ մերժել անոր տիրապետութիւնը։
Մարդկային կեանքը զերծ չէ՛ չարէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 28, 2024, Իսթանպուլ