ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՒ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԲԱԺԻՆՆԵՐ

Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր: Տեղեկատուութեան առանցքը նոյն յանկերգին կը վերաբերի՝ կողմերը մօտ են համաձայնութեան, համաձայնագիրի նախագիծին զգալի մասը համաձայնեցուած է, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ շարք մը այլ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ տարածքային պահանջները տակաւին կը պահպանուին:

Թէեւ առաջին անգամ չէ, այդուհանդերձ, կը վերաշեշտուի, որ փաստաթուղթերու փոփոխութեան պահանջը միայն Պաքուէն չէ, այլեւ Անգարայէն:

Յայտնաբար կ՚անտեսուի հայկական կողմին հակազդեցութիւնը առ այն, որ համաձայնագրի նախագիծին մէջ կայ դրոյթ մը, ըստ որու՝ կողմերը տարածքային պահանջներ չունին իրարմէ:

Այս խնդիրով առաւել քան պարզ է ուրեմն, որ՝

ա) Ստորագրելի համաձայնագրով որեւէ կողմ չի կրնար տարածքային պահանջներ ունենալ միւսէն:

բ) Խաղաղութեան համաձայնագրի բացայայտուած կէտերէն մէկը կը հաստատէ, որ կողմերը ապագային եւս տարածքային պահանջներ չեն կրնար ներկայացնել իրարու:

գ) Յատուկ կէտով կը յստակացուի, որ որեւէ կողմ չի կրնար յղում կատարել իր ներքին օրէնսդրութեան՝ տարածքային պահանջ ներկայացնելու համար:

Տակաւին կայ այլ մեկնաբանելի կէտ մը.

Սահմանադրութեան նախաբանային յղումը Անկախութեան հռչակագիրին կրնայ միակ հանգոյցը չնկատուիլ Պաքուի համար, կը խօսուի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան մասին՝ առանց ուղղակի նշելու համապատասխան փաստաթուղթը:

Եթէ անգամ տեսականօրէն այդ յղումը ջնջուի, Պաքուն պիտի պահանջէ Անկախութեան հռչակագրի չեղեալ յայտարարուիլը՝ թէկուզ վերստին ընդգծելով, որ կողմերը զգալիօրէն մօտ են համաձայնութեան… Նման խաղ մը ի վերջոյ ի՞նչ կրնայ հետապնդած ըլլալ:

ա) Պաքու ծխածածկոյթ կը ստեղծէ խաղաղութեան համաձայնագրի խաբկանքի գործողութիւններուն վրայ՝ չստորագրելու համար պայմանագիրը:

բ) Պահանջները նորացնելով եւ անոնց առաստաղը բարձրացնելով՝ Ատրպէյճան այլ նպատակակէտ կը թիրախաւորէ, հիմնական այլ պահանջ:

Այդ պահանջը, հիմնականին մէջ, թուրանական կամուրջն է: Թուրքիա-Նախիջեւան-Սիւնիք-Ատրպէյճան ցամաքային կապը: Այստեղ է նաեւ Ֆիտան-Պայրամով հանդիպման օրակարգակէտը:

Փաստօրէն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջը միացեալ է՝ Սահմանադրութենէ դուրս բերելու Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջատիրութեան վերաբերեալ իրաւադրոյթները:

Հիմա յիշենք՝ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ միջանցքի կէտը դուրս եկած է խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծէն: Իրադրութիւնները, սակայն, շարունակականութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն ունին: Այսպէս, միջանցքի կէտի խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծէն դուրս գալու առընթեր, կ՚իրականանար Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահին այցելութիւնը Պաքու: Ամբողջ առանցքային ուղերձը հանդիպումին, մեր ոսպնեակով, անշուշտ, 2020-ի նոյեմբերի համաձայնութեան վերագործարկման փորձն էր: Պաքու ջերմօրէն կ՚արձագանգէ, որ ինք կո՛ղմնակից է խաղաղութեան բանակցութիւններու ռուսական միջնորդական հարթակին: Իսկ Մոսկուան կը խօսէր երեք ուղղութիւններու մասին.

ա) Սահմանազատման-սահմանագծման գործընթաց,

բ) Կապուղիներու ապաշրջափակում,

գ) Խաղաղութեան համաձայնագրի կնքում:

Աւելցնելով, որ կողմերը պէտք է յանձնառու մնան նախկին պայմանաւորուածութիւններուն: Նախկին պայմանաւորուածութիւնները, միայն ռուսական միջնորդութեամբ գոյացածներն են՝ բացի Տաւուշի սահմանազատումէն, որ իրականացաւ երկկողմանի ձեւաչափով: Այս բոլորին մէջ հիմնական առաջադրուածը, նպատակակէտը 2020-ի նոյեմբերի համաձայնութեան 9-րդ կէտն է, տարածքային ապաշրջափակման տեսքին տակ:

Այս հանգամանքներու նկատառումով անիրատեսական չ՚ըլլար ենթադրել, որ հակառակ այն յայտարարութեան, թէ միջանցքի հարցը դուրս եկած է համաձայնագրի նախագիծէն՝ անիկա կը շարունակէ իբրեւ պահանջ արծարծուիլ:

Թէ՛ Փութինի այցելութիւնը Պաքու եւ թէ Ֆիտան-Պայրամով հանդիպման ընթացքին արծարծուած օրակարգերը այս վարկածը կը հիմնաւորեն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024