ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։
Թրքական դիւանագիտական աղբիւրները վերջին օրերուն նոր հրապարակումներով հանդէս եկան։ Այսպէս, Թուրքիա չորս պայման ունի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ զանոնք 2011 թուականի մակարդակին բարձրացնելու համար։ Միջազգային աղբիւրներուն մէջ ալ արձագանգ գտած են այդ պայմանները, ըստ որոնց՝
1- Ահաբեկչական տարրերու ամբողջական ոչնչացում Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանման համար,
2- Սուրիա պէտք է իրական ազգային ներքին հաշտութեան հասնի սեփական ժողովուրդի հետ օրինական պահանջներու հիման վրայ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւի շրջանակներէն ներս, վերադառնայ սահմանադրութեան բանակցութիւններուն եւ համաձայնութեան պէտք է գայ ընդդիմութեան հետ,
3- Փախստականներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծում,
4- Դէպի ընդդիմութեան կողմէ վերահսկուած տարածքներ մարդասիրական օգնութեան մատակարարման անխափան շարունակութիւնը։