ՇԱՀԵՐԸ ՀԱՄԸՆԿՆԵՑՆԵԼ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Ուաշինկթըն եւ Փեքին յանձնառութիւն ունին՝ կայուն եւ առողջ յարաբերութիւններ զարգացնելու։

Շի Ծինփինկ համոզուած է, թէ յարափոփոխ եւ անհանգիստ աշխարհին մէջ երկիրները կարիքն ունին համերաշխութեան եւ համակարգման, այլ ոչ թէ պառակտումներու եւ առճակատումներու։ Ճէյք Սալըվըն հաւաստիացուց, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է պատասխանատու ձեւով կառավարել Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները ու երաշխաւորել, որպէսզի մրցակցութիւնը չվերածուի հակամարտութեան կամ առճակատման եւ կողմերը միասին աշխատին՝ իրենց շահերու համընկնած ուղղութիւններով։

Փեքինի մէջ ընդգծուեցաւ բարձր մակարդակի դիւանագիտութեան եւ շփումներու հնարաւորութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024