ՎԵՐԲԵՌՆԵԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։

Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Ուքրայնայի վիճակը, Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը եւ Փարիզ-Լոնտոն համագործակցութեան օրակարգային հարցերը։ Մաքրոն եւ Սթարմըր անդրադարձան մանաւանդ՝ առեւտուրի պաշտանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներու կապերուն։ Սթարմըր յայտնեց, որ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի հետ Անգլիա կը փափաքի յարաբերութիւնները վերբեռնել։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024