ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ յետ այսու ամիսը մէկ անգամ, մեր շաբաթ օրուան սիւնակը պիտի տրամադրենք թերթատելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թերթատումը մեզի առիթ պիտի ընծայէ նաւարկութիւն մը կատարելու անցնող շուրջ մէկ դարու պատմութեան մէջ, վերահասու ըլլալու թէ՛ պատմական իրադարձութիւններուն եւ թէ՛ այդ օրերուն ժողովուրդին յուզող հարցերուն մասին: Երբեմն-երբեմն մեր կողմէ բացատրութիւններ կամ օրուան համահունչ արձագանգներ ալ պիտի ընկերանան մէջերումներուն: Բարի՜ ընթերցանութիւն:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւին մէջ կը կարդանք.

* Ազատութեան ճառագայթները ամենէն առաջ մամուլը կենդանացուցին եւ բռնապետական շրջաններուն՝ երբ անառիկ բերդի մը տիրանալու չափ դժուար ու անկարելի էր թերթի մը արտօնութիւն ձեռք բերելը, հիմա մէկ քանի օրուան գործողութիւն բաւական եղաւ մեզի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արտօնութիւնը ստանալու իբր ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹ ԱԶԳԱՅԻՆ, ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ:

Ժամավաճառ չընելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները, երկար բարակ ճոռոմաբանութիւններ չպիտի ընենք նպատակի եւ ուղղութեան վրայ ճառելով: Նորեկ մըն ենք լրագրական ասպարէզին մէջ, տարիներէ ի վեր թէ՛ իբրեւ մնայուն խմբագիր եւ թէ՛ իբր հեղինակ, յօդուածագիր, հրապարակագիր ու վիպագիր ծառայած ենք մամուլին եւ անոնք, որոնք պատիւ ըրած են մեր գրականութեան հետեւելու, գիտեն արդէն թէ մեր ուղղութիւնը եղած է անհատականութիւնը զարգացնել, անձերը բարձրացնել, ինքնօգնութեան ոգին ներշնչել ու այսպէսով նիւթապէս ու բարոյապէս բարձր մակարդակի վրայ կանգնած համայնք մը ողջունելու բախտին արժանանալ… (ամբողջը տե՛ս ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 1, 15-28 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր ուղղութենէն ու առաքելութենէն չէ՛ շեղած, ընդհակառակը ա՛լ աւելի ինքզինք կատարելագործած է:

* ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Կը լսենք, թէ այսօրուան Ազգային ժողովին մէջ, նո՛յն իսկ օրակարգին անցնելէ առաջ, երեսփոխաններէ ոմանք հարցում պիտի ուղղեն Պատրիարքական տեղապահին այն տագնապալի հեռագրին նկատմամբ, զոր Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկողը ուղղած է Պատրիարքարան, յայտնելով թէ Սսի շրջակայ թրքաբնակ գիւղերէն մոլեռանդ թուրքեր գրգռուած եւ զինուած Սիսի վրայ կը քալեն: Այս ազգասիրական նախաձեռնութիւնը ստանձնող երեսփոխանները պիտի պահանջեն որ ժողովին մէջ կարդացուի Շնորհազարդ Կաթողիկոսին հեռագրին բնագիրը, որուն հետեւեանքով Տեղապահ սրբազանը անշուշտ պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ դիմումներ ըրած է կառավարութեան մօտ անմիջական տնօրինութիւն մը ձեռք առնել տալու համար,- եթէ արդէն իսկ չէ առնուած,- որպէսզի Կիլիկիոյ սարսափահար ժողովուրդը հանդարտի եւ տխուր պատահականութիւնները, որոնցմէ կը վախցուի, վտարուին:

Մեր կարծիքով, ուրիշ ո՛րեւէ խնդիրէ աւելի կենսական կարեւորութիւն եւ ստիպողութիւն ունի այս հարցը, որ «մահու եւ կենաց հարց» մըն է այս տագնապալի օրերուն մէջ եւ կը յուսանք, որ այսօրուան Ազգային ժողովին որոշումով, Տեղապահ սրբազանը ա՛լ աւելի պիտի գօտեպնդուի ազդու ձեռնարկներ ընելու համար կառավարութեան մօտ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 1, 15-28 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):

Պատմական հետաքրքրական տուեալ մըն է այդ օրերուն տիրող իրավիճակին մասին: Չմոռնանք, որ խօսքը Ատանայի կոտորածներէն մէկ տարի առաջուան ժամանակաշրջանին կը վերաբերի:

* «Ազատութեան չարիքները» յօդուածին մէջ, Մուշեղ Եպիսկոպոս կը գրէ.

Երկար, շատ երկար տարիներէ ի վեր մինչեւ իր ոսկրին ծուծը քամուած ու կեղեքուած ժողովուրդներու համար կ՚ըմբռեմ, թէ Ազատութեան Աւետարանը անակնկալօրէն կը բանայ երկինք մը, ուր աչքեր՝ արցունքէ ու արիւնէ յոգնած աչքեր, բնաւ պիտի չուզէին տեսնել ո՛չ մի ամպ, որ փոթորիկներու ազդարարը եղած ըլլար: Իր զգացումներուն ու պատիւին մէջ խոշտանգուած դժբախտ գիւղացիէն սկսեալ, մինչեւ անտարբերութեան գիրկը բորբոսած քաղաքացին, ու մինչեւ յեղափոխական բանակներու ուխտեալ զինուորրը Ազատութեան Արշալոյսին մէջ իրենց ուրախութիւններովը պատանքուած, զգացին իրենց մէջ այն անօրինակ եռուզեռը, որ դարերու ընթացքին հազիւ քանի մը անգամ կը պակի բռնութիւններէ երաշտացած հողերու վրայ, յաճախ հիւսիսայգի մը պատրանքին պէս:

Գաղթականներու կարաւանները անգամ մըն ալ կը շարուին անակնկալ յետադարձով մը, իբր թէ անոնք օդին մէջ պտուտկող արագիլներու երամները եղած ըլլային, որոնք երկար դարձդարձումներէ յոգնաբեկ, մերթ ընդ մերթ գիւղի մը աւերակներուն վրայ կ՚իջնեն, պարտասածներու հանգիստը ըմբոշխնելու, եւ վաղը նորէն շարունակելու արցունքի ու տառապանքի տողանցումներ, որոնք յաւիտենապէս զիրար պիտի խաչատեն: Դէպի Վաթաս փորձը ազատութեան օրերուն մէջ, տարիներէ ի վեր իրենց մայրերուն, զաւակներուն, հարսներուն ու աղջիկներուն կարօտովը ողջակիզուած պանդուխտներուն դէպի հայրենիք վազող ուխտաւորութիւնը եթէ երջանիկ ազատութեան մէկ նպաստն է Մայր Հայրենիքին ընծայաբերուած, ի՞նչ են ուրեմն այդ միւս կարաւանները, յուսահատ, յոգնած, գրգլիկներու մէջ ծրարուած մարդերու շարքերը, որոնք օճախներու ծուխէն կուրցած աչերով կը վազեն դէպի ղարիպութիւնը, որոնց համար հեռուն, օտարութիւնը, բռնապետութեան օրով արգիլուած այդ պտուղը, ա՜յնքան հեշտ կը բուրէ, եւ որոնք՝ ազատութեան հազիւ արեւածագը ողջունած, կը վազեն դէպի Ռուսաստան, դէպի Ամերիկա, կարծես օտարութեան հեշտախտը ունեցած ըլլային երկա՜ր տարիներէ ի վեր: Բռնապետութեան այդ դժբախտ զոհերը, այսօր ազատութեան ալ զոհերը կը դառնան, անոնք երէկ իրենց երդիքին տակ միա՛յն արցունք, միայն տառապանք ծծելէ ու անհատական ու ընտանեկան երջանկութեան կարօտովը մաշուելէ վերջ, այսօր շնորհիւ ազատութեան, իրենց հայրենիքէն ալ, տունէն ալ կը զրկուին, եւ կը վազեն դէպի պանդխտութիւն, հո՛ն այդ այլուրին մէջ իրենց չոր հացը շաքարաջուրի մէջ թաթխելու յոյսով: Զրկումներուն զրկումն է անոնց կրածը, տառապանքի մեծ բեռը իրենց շլինքին վրայ: Ազատութեան չարիքները չե՞ն միթէ ասոնք:

Կեցէ՛ք, ո՞ւր կ՚երթաք:

Միթէ մայրենի հողին արդիւնքը ցամքեցա՞ւ ի սպառ իր զաւակները դիեցնելու համար: Ինչո՞ւ չարաչար գործածենք ազատութիւնը: Երկիրը մշակի, գործաւորի, արհեստաւորի պէտք ունի. չէ՞ք տեսներ համատարած աւերակները. վերաստեղծելու, վերաշինելու պէտքը՝ ազատութեան հետ հազիւ ծնաւ, տառապանքը դեռ նոր կը սկսի մեզի համար, բայց ո՛չ այն յուսահատ, խոշտանգող տառապանքը, որ քանդումի, վանդալականութեան չարաշուք կսկիծը համասփռեց, այլ տառապանքի, ազգաշինութեան, վերանորոգումի գիտակից, յօժարակրուած տառապանքը, որ չարիքի բարձումին, աւերակներու բարեզարդումին, կործանման վերականգնումին պիտի ծառայէ: Ո՞ւր կ՚երթաք Ազատութեան չարիքները գրկած… (ամբողջը տե՛ս ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 2, 16-29 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):

* ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ «ԺԱՄԱՆԱԿ» ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԹՂԹԱԿԻՑ ԿԸ ՂՐԿԷ ԿՈՎԿԱՍ, ԾԱՆՕԹ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ ԱՐԱՄ ԱՆՏՕՆԵԱՆԸ

Բովանդակ հայերը շահագրգռող ամենավսեմ իրողութիւնը պիտի կատարուի մօտ ատենէն: Ընդհանուր ազգին կողմէ ընտրուած պատուիրակներ՝ հայոց սրտին համար ամգնէն նուիրական եղող հաստատութեան՝ Էջմիածնայ տիրակերտ տաճարին մէջ հաւաքուելով, պիտի ընտրեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ազգին հոգեւոր պետը:

Այս իրողութեան հետ կապուած նոյն իսկ ամգնէն աննշան անցքերը ա՛յն աստիճան կը հետաքրքեն ընդհանուր հայ ընթերցողները, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պէս ժողովրդական օրաթերթի մը համար ճշմարիտ պարտք մը կը դառնար մասնաւոր թղթակից մը ղրկել տեղին վրայ, Կաթողիկոսական ընտրութիւնը եւ զայն կանխող բոլոր գործողութիւններն ու խորհդրակցութիւնը օրը օրին տեղեկագրելու համար:

Այս մտքով մեզի մասնաւոր թղթակից կարգեցինք ծանօթ հրապարակագիր Արամ էֆէնտի Անտօնեանը, որ Կովկաս կը մեկնի իբր քարտուղար պոլսահայոց պատուիրակ Ստեփան էֆէնտի Թէլլեանի:

Անտօնեան էֆէնտիի թղթակցութիւնները չպիտի սահմանափակուին միայն կաթողիկոսական ընտրութեան շուրջը: Ինք մասնաւոր յօդուածներով պիտի նկարագրէ նաեւ կովկասահայ կեանքին ընդհանուր երեւոյթները, մասնաւորապէս Էջմիածնայ հաստատութիւնը, կովկասահայոց վիճակը, Անի քաղաքը եւ այլն, եւ այլն: Կ. Պոլսոյ պատուիրակ Ստեփան էֆ. Թէլլեան խիստ յարմար ձեռնարկ մը ըրած է իրեն մասնաւոր քարտուղար ընտրելով Արամ էֆ. Անտօնեանի նման մտաւորական ոյժ մը, որ մեծապէս պիտի սատարէ իրեն՝ այս վսեմ պաշտօնին մէջ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 2, 16-29 հոկտեմբեր 1908, էջ 3):

 

* ԱՆԳԼԻԱՑԻԻ ՄԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՅԻՍՈՒՆ ՈՍԿԻԻ ԿՏԱԿԸ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ

Անգլիոյ Սքարպօրօ քաղաքին մէջ կը բնակի հայազգի բժիշկ մը, Տքթ. Գալանթարեանց, շատ տարիներէ ի վեր հոն հաստատուած: Սքարպօրօ Անգլիոյ օդափոխութեան ծանօթ վայրերէն մէկն է: Տքթ. Գալանթարեանց այստեղ մեծ համակրութիւնը կը վայելէր ազնուական դասակարգէ լէյտիի մը, որուն անձնական բժիշկն էր, եւ որ յետ մահու կը կտակէ իր անձնական քարուկիր փառաւոր շէնքը: Ասկէց զատ ազնուական տիկինը տարեկան 50 ոսկիի մշտնջենական նպաստ մը կը թողու Տքթ. Գալանթարեանցի որոշումով որեւէ հայ բարեսիրական նպատակի մը յատկացուելու համար: Տարեկան 50 ոսկիի այս նպաստը մէկ քանի տարիներ Կիպրոսի որբանոցին տրուած է, սակայն մեր տեղեկատուն կ՚անգիտանայ վերջին մէկ քանի տարիներուն այդ նպաստին ի՞նչ նպատակի յատկացուած ըլլալը:

Հիմա որ ազգը այնչափ դրամական անձկութեան մէջ կը տառապի եւ ամենէն անյուսալի տեղեր իսկ կը դիմէ ազգին երեսի վրայ մնացած հարիւրաւոր պէտքերուն դրամապէս գոհացում տալու համար, եթէ դիմում ըլլայ Տքթ. Գալանթարեանցի, յարգելի Տոքթորը կը յօժարի այս 50 ոսկի տարեկան նպաստը յատկացնել մասնաւորապէս գաղթականներու զետեղման նուիրական ու կենսական գործին: Նպաստից յանձնաժողովը պէտք է դիմում մը ընէ այս մտօք:

Տքթ. Գալանթարեանց ազգասէր անձնաւորութիւն մըն է, մշակուած միտք մը եւ գիտութեանց անխոնջ աշխատաւոր մը, կ՚ըսէ մեր թղթակիցը: Տքթ. Գալանթարեանց հեղինական է չմշկելու համար արուեստական սառոյց շինելու գիւտի մը, ինչպէս նաեւ միջոց մը հնարած է սառնամանեաց ատեն շէնքերու մէջ գտնուած ջուրի խողովակները ճաթելէ զերծ պահելու համար. նոյնպէս հեծանիւի պարզ մեթոտ մը գտած է: Եղբայրն է Պրուսայի Գալանթարեան վարժարանի տնօրէնին (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 3, 17-30 հոկտեմբեր 1908, էջ 2-3):

* ԻՆՉ ԿԵՐՑՆԵՄ ՏՂԵԿԻՍ

Տղաք երբ հինգ վեց ամսուան ըլլան, մայրերը անոնց լաւ սննդարար ուտելիք գտնելու հետամուտ կ՚ըլլան, ինչ որ շատ բնական է եւ ըստ որում, մայրական կաթը որչափ լաւ, առատ ու զօրաւոր ըլլայ, այլ եւս անբաւական կը դառնայ տղաքը ուժովցնելու, երբ վեց ամսու ըլլան անոնք: Բարիզի ամենէն հռչակուած բժիշկը Տքթ. Ֆալիէռ, նկատողութեան առնելով այս կարեւոր խնդիրը երկար փորձերէ ու զննութիւններէ վերջ, յաջողած է հնարել տղոց համար առաջին կարգի սնունդ մը, ՖՕՍՖԱԹԻՆ ՖԱԼԻԷՌ անուամբ, որ Բարիզի, Լոնտոնի եւ Վիեննայի Բժշկական համալսարաններէն գնահատուելով, բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ընդհանրացած է: ՖՕՍՖԱԹԻՆ ՖԱԼԻԷՌը շոքոլայի պէս խիստ քաղցրահամ է եւ միեւնոյն ժամանակ վերջին աստիճան սննդարար ու կազդուրիչ. մայրական կաթին կրկին անգամը սնունդ կը պարունակէ, եւ զայն ուտող տղաք կը սնանին, կ՚ուժովնան, կ՚աճին, կը կայտառանան, շուտով ոտքի կ՚ելլեն եւ առանց հիւանդանալու ակռայ կը հանեն:

Հազարաւոր օրինակներ կ՚ապացուցանեն, որ Ֆօսֆաթին Ֆալիէռով մեծցող տղաք՝ քաջողջ, ուժեղ, զօրաւոր եւ կայտառ մարդիկ եղած են ապագային:

Ամէն հասակէ անձեր անհրաժեշտ է որ գործածեն այս սքանչելի սնունդը, մանաւանդ ծերեր, հիւանդութենէ ապաքինողներ, ծծմայրեր ու նիհարներ, որոնց վերջին աստիճանի ոյժ, սնունդ եւ կորով կու տայ:

ՖՕՍՖԱԹԻՆ ՖԱԼԻԷՌը կը ծախուի Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու մեծ դեղարաններուն ու դեղի մթերանոցներուն մէջ (1-26 - ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 3, 17-30 հոկտեմբեր 1908, էջ 4):

* Սուրէն Պարթեւեան իր «Կռիւ թէ աշխատանք» յօդուածը այսպէս կը սկսի.

Ազատութեան առաջին անպատում գինովութեանը մէջ կարծեցինք, թէ մեզի համար ի սպառ փակուած էր՝ չարիքի ու բռնութեան ուժերուն դէմ ինքնապաշտպան կռիւին շրջանը: Ամբողջ ատելութեան, արցունքի ու արիւնի անցեալ մըն էր, զոր կը թաղէինք մոռացումի ու հաշտութեան ներկայի մը մէջ, եւ ճակատնիս պայծառօրէն կը դարձնէինք նոր կեանքի աւետաւոր ապագային:

Մարտադաշտին վրայ, ուր փրկութեան արշալոյսը յանկարծակի բացուեր էր մեր առջեւ, մենք չյամեցանք իսկ մեր մեռելները համրելու, այլ խանդավառ հաւատքով մը պատրաստուեցանք մէկդի դնել քանդումի ու մահուան գործիքները, եւ անմիջապէս, ամբողջապէս նուիրուիլ դարմանումի, կազդուրումի ու վերաշինութեան նուիրական աշխատանքին:

Այսպէս, ուրեմն, իրա՛ւ է եղեր, որ արհաւիրքի գիշերներու մղձաւանջէն հազիւ ազատած մտքերը՝ մերձեցող բարերար լոյսին առջեւ՝ ապաքինողի տարօրինակ ու յուզիչ լաւատեսութիւններ կ՚ունենան:

Այդ լաւատեսութիւնը մե՛րն ալ եղաւ, եւ այսօր՝ ո՛րքան ալ դժնդակ ըլլայ մեզի հիասթափուիլ, հրաժարիլ անկէ՝ ստիպուած ենք սակայն տեղի տալ իրականութեան անդիմադրելի փաստերուն առջեւ:

Ազատութիւնը մեզի չբերաւ դեռ իրմէ սպասուած խաղաղութիւնը, ու մենք ցաւագին պատրանքի մը անձնատուր եղանք կարծելով որ՝ ա՜յնքան տառապանքներէ ու մաքառումներէ ետք՝ մեզի համար ա՛լ հնչած էր վերջապէս խաղաղ զարգացումի շրջանին առաջին ժամը:

Մեզի այնպէս թուեցաւ, պահ մը, թէ Օսմ. Սահմանադրութեան մոգական ազդեցութեամբը այս աղուոր ու քամբաղդ երկիրը կը մաքրագործուէր բռնակալութեան բոլոր պղծումներէն ու նոր կուսութեամբ կը կ՚օժտուէր. արդարութեան, հաւասարութեան ու եղբայրակցութեան հոգեպարար շունչով մթնոլորտը կը լեցուէր մեր շուրջը, հորիզոններ յուսաշող կը փայլէին մեր առջեւ, ու հողը՝ վերածնունդի արգաւանդ երկունքով մը՝ կը խայտար մեր ոտքերուն տակ: Մեր զմայլած մտածումը անհամբեր թափով մը կը սաւառնէր դէպի ամէն կողմերը զուլումի աշխարհին, ընդ առաջ շտապելով կեանքի բնական ու տիեզերական դատանքին վերադարձող տանջաբեկ ամբոխներու, որոնք այլեւս վստահ պիտի ըլլային վայելելու իրենց տաժանքին ու քրտինքին հէլալ վաստակը: Մշակը իր գութանին գլուխն անցած, հօտաղը իր նախիրին ետեւէն, արհեստաւորն իր թէզկեահին վրայ ծռած, վաճառականը իր գործառնութեանց հետապինդ, մտաւորականը իր սեղանին առջեւ՝ ամենքը մէկ պիտի լծուէին վերանորոգութեան ու վերականգնումի կենսական ճիգին, ու ահաւոր երէկէն շարունակուող քաոսին մէջէն պիտի ստեղծէին վաղուան մեծ ու անհրաժեշտ ներդաշնակութիւնը դէպի մէկ ընդհանրական նպատակ ձգտող կամքերու եւ կորովներու:

Բայց, ահա՛, այս բոլոր սխրալի տեսիլները քանի մը շաբթուան, քանի մը օրուան մէջ ցնդեցան, ու նորէ՛ն մռայլ ամպեր սկսան կուտակուիլ մեր գոյութեան վերեւ, նորէ՛ն հալածանքը շղթայազերծուեցաւ մերիններուն դէմ, նորէ՛ն կոտորածին ուրուականը ցցուեցաւ մեր առջեւ:

Վասպուրականէն, Տարօնէն, Տիգրանակերտէն, Տէրսիմէն, Կիլիկիայէն հասնող աղէտոգում ու բօթաբեր ձայները մեզ թունդ հանելէ չեն դադրիր վարչապետ Քեամիլ փաշայի եւ տեղական մամուլին հակիրճ ժխտումներովը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 4, 18-31 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):

* ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ՊԷ՞ՏՔ Է ԾԽԵՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Որպէս թէ քիչ ըլլար Ազգային երեսփոխանական ժողովին վճռելիք հարցերը, երեփոխան մը կը հարցնէ, թէ իր պաշտօնակիցները իրաւունք ունի՞ն ծխելու Խորհրդարանին մէջ, երբ ամենէն պատկառազդու եւ յուզիչ խնդիրներու վրայ կը խօսուի ու երբ նկարագրութիւնը կ՚ըլլայ գաւատացի ազգայիններու տառապագին կեանքին: Չենք կարծեր որ այդքան անհամբեր երեսփոխաններ գտնուին որ չկրնան դադարի ժամուն սպասել սիկառէթ մը ծխելու համար. արդէն եւրոպական խորհրդարաններու մէջ ոչ ոք կրնայ ծխել եւ թիրեաքիները շէնքին ծխարանը կ՚առանձնանան իրենց հաճոյքը գոհացնելու: Իսկ եթէ մեր մէջ կան Խորհրդարանին այդ իրաւունքը անտեսողներ, քաջայոյս ենք որ ասկէ ետք կը զգուշանան սիկառ ծխելով իրենց պաշտօնակիցներուն դիւրազգածութիւնը վիրաւորելէ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 4, 18-31 հոկտեմբեր 1908, էջ 3):

Այս տողերը կարդալէ ետք, ակամայ յիշեցի տարիներ առաջ մեր երկրի մէջ ճաշարաններու սեղաններուն վրայ աղաման դնելու կամ չդնելու մասին քննարկումներու…: Դուք մի՛ ըսէք, որ փաստօրէն այդ քննարկումները կատարողները իրենց նախատիպարները ունեցած են…:

* ՆՈՐ ՔՆԱՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ

160 երեսներէ կը բաղկանայ այս ճոխ երգարանը, որ Վառնայի մէջ տպուած է վերջերս Մ. Գալփագճեանի կողմէ, ունի իր մէջ 137 հին եւ նոր երգեր: Գինն է 6 ղրշ. Գաւառներու համար 8 ղրշ. դիմել Կ.Պոլիս, Պապը Ալի ճատտէսի թիւ 56 Մ. Մ. Ազնաւորի «Նոր Օսմանցի» գրատունը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 4, 18-31 հոկտեմբեր 1908, էջ 4):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2024