ՄԱՀ՝ ՎԱՀԱԳՆ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆԻ
Հայ ժողովուրդը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Այսպէս, 83 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց մեծանուն բարերար, սփիւռքահայ գործիչ եւ ամերիկահայ գործարար Վահագն Յովնանեան։ Սա իսկապէս մեծ ու անփոխարինելի կորուստ մըն է, որովհետեւ Վահագն Յովնանեան հայկական Սփիւռքի խորհրդանշական ու տիրական դէմքերէն մին էր ու բերած էր վիթխարի նպաստ մը հայ ժողովուրդի կեանքին։
Յովնանեան ընտանիքի անդամները «Արմէնփրէս» գործակալութեան ներկայացուցիչին հետ զրուցելու ընթացքին ցաւով փոխանցեցին իր մահուան գոյժը ու տեղեկացուցին, թէ առայժմ չեն հրապարկուիր յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Միայն յայտնի է, որ գործարարը վերջին շրջանին կը տառապէր քաղցկեղէ։
Յովնանեաններու ընտանիքին որդիսականը սկսած էր Պաղտատէն։ Երեք եղբայր անոնք հաստատուած էին Միացեալ Նահանգներ, ուր գործարար կեանքէ ներս ունեցած էին փայլուն նուաճում մը։ Այս ոստումին զուգահեռ անոնք միշտ բերած էին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին։
Հայաստանի անկախութենէն վերջ Վահագն Յովնանեան հաստատուած էր հայրենիք, ուր գործարար բնագաւառէ ներս իրականացուցած էր մեծածաւալ աշխատանք։ Այնտեղ նոյնպէս շարունակած էր իր բարեգործական ծրագրերը, որոնք նպատակաուղղուած էին հայ մշակոյթի զարգացման ու պահպանման, նաեւ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման։ 1998 թուականէն սկսեալ իր հովանաւորութեամբ Երեւանի մերձակայ արուարձաններէն մէկուն մէջ սկսած էր «Վահագնի» թաղամասին կառուցումը։ Նոյնպէս իր եւ իր ընտանիքին հովանաւորութեամբ Երեւանի կեդրոնին մէջ կառուցուած է Ս. Աննա եկեղեցին։
Յովնանեան ընտանիքը Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիսացած էր նաեւ մղիչ ուժը Ամերիկայի հայկական համագումարին, որ մասնաճիւղ մըն ալ ունի Երեւանի մէջ։