ՊԱՔՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԱԾ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին մամլոյ ասուլիսին արձագանգները կը շարունակուին։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան Երեւան-Պաքու թէժ օրակարգին շուրջ կարեւոր նշումներ ըրած էր։ Վարչապետը պատասխանած էր նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին հասցէագրուած մեղադրանքներուն։ Ան մանաւանդ շեշտած էր, որ Ատրպէյճան կը փորձէ Հայաստանը սպառազինութիւններու հարցին մէջ մեղադրել՝ քօղարկելու համար իր սպառազինուիլը։ «Ինչո՞ւ Ատրպէյճան զէնք կրնայ ձեռք բերել Իտալիայէն, իսկ ինչո՞ւ Հայաստան զէնք չի կրնար ձեռք բերել Ֆրանսայէն։ Ինչո՞ւ Ատրպէյճան զէնք կրնայ ձեռք բերել Փաքիստանէն, իսկ ինչո՞ւ Հայաստան չի կրնար զէնք ձեռք բերել Հնդկաստանէն», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, վարչապետը ընդգծեց, որ Ատրպէյճան ահռելի մեծ ծաւալով զէնք կ՚ապահովէ Իսրայէլէն։
Ասուլիսի ընթացքին վարչապետը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու հարցը՝ շեշտելով, որ անոնց վերադարձը ապահովելու նպատակով ամենօրեայ աշխատանք կը տարուի։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով Փաշինեան նշած էր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը լուծարելու որոշում մը կրնայ առնուիլ՝ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համատեսքին մէջ, այսինքն, երբ խաղաղութիւնը կայացած փաստ ըլլայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ իր կառավարութեան տեսակէտէ սակարկութեան առարկայ չէ Հայաստանի Հանրապետութեան 29 հազար 743 քառակուսի քիլօմեթր տարածքին ամբողջականութիւնը։ Միւս կողմէ, այսօր օրակարգի վրայ չէ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ ռազմական ճանապարհով ինքնիշխանութեան վերահաստատումը։
Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը նախապայմանի մը վերածած է խաղաղութեան պայմանագրին համար՝ Նիկոլ Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին այս հարցին ալ անդրադարձաւ եւ ըսաւ. «Ի տարբերութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը կը պարունակէ Հայաստանէն տարածքային պահանջներ, սակայն, հայկական կողմը այս փուլին չի պահանջեր Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան փոխուիլը։ Որովհետեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած յօդուածները այդ հարցը ամբողջութեամբ կը լուծեն»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ յայտնեց, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը հակասեն կարգաւորման եւ ափսոսանք կը յառաջացնեն։ «Այն մեղադրանքները, թէ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ Հայաստանէն տարածքային պահանջներ կան, կատարելապէս կեղծ են։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռականները, անոնց միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերը անընդունելի են», նշեց բանբերը։
Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ տեղեկացուց, որ Երեւան Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին 10-րդ թղթածրարը։ Պաքուէն հաղորդուեցաւ, որ հայկական կողմի առաջարկած այս վերջին տարբերակին մէջ նախագիծէն դուրս թողուած են կարգ մը կարեւոր յօդուածներ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նշեց.
«Յառաջիկային մենք Հայաստանին կը ներկայացնենք այն տարբերակը, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի վրայ ու կը համապատասխանէ մեր ազգային շահերուն»։
Նիկոլ Փաշինեան վերջին ասուլիսին ըսած էր, որ խաղաղութեան պայմանագրի 17 յօդուածներէն 13-ը արդէն համաձայնեցուած է եւ ինք կ՚առաջարկէ փաստաթուղթը այդ ձեւով ստորագրել եւ մնացեալ կէտերուն վրայ աշխատանքը շարունակել։ Վարչապետի յայտարարութիւններուն արձագանգելով՝ Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ հայկական կողմին խորհուրդ կու տան աւելի լուրջ մօտենալ այս հարցին։ Պայրամով կրկնեց, նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը եւ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական կողմի զինման վերաբերեալ անհանգստութիւնները։
Այս բոլորի լոյսին տակ, հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Պաքուէն հնչած արձագանգները կը նշանակեն, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մերժէ Փաշինեանի առաջարկը։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առացքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները մնացած են օդին մէջ կախուած։ Ան այս տեսակէտը յառաջ քշեց նկատի ունենալով Ատրպէյճանի բուն տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան վերահաստատման հարցը։ Ըստ Լաւրովին, Ռուսաստան խորհրդատուական աջակցութիւն պէտք էր ցուցաբերեր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին, սակայն Հայաստան մերժած է այդ բանը։ Իսկ հաղորդակցութիւններու պարագային Լաւրով ըսաւ. «Սկիզբին Հայաստան հրաժարեցաւ ցամաքուղիէն ու պնդեց, որ կ՚ըլլայ միայն երկաթուղին։ Յետոյ Հայաստան յանկարծ յայտարարեց, որ Ռուսաստանի սահմանապահները պիտի չմասնակցին՝ թէկուզ այդ բանը սպիտակի վրայ սեւով գրուած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ»։
ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Բաց աստի, Իրան կը շարունակէ վերապահութիւն դրսեւորել Ատրպէյճանի բուն տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան հաստատման խնդրին շուրջ զգայնութիւն ցուցաբերել։ Թեհրանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Տէտով երէկ հրաւիրուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Կը հաղորդուի, որ Իրան անհանգստութիւն յայտնած է Ռուսաստանի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան դէմ՝ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ միջանցքի մը ձեւաւորման շուրջ։ Իրան կրկնած է, որ դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան, որ կրնայ խախտել տարածաշրջանէն ներս հաստատուած սահմանները։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի իր երկրին համար։