ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ այսօր սկսած է 2015-2016 կրթական շրջանը, Վեհափառ Հայրապետը վերամուտի ընդառաջ ըստ ընկալեալ սովորութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու պատգամը։ Աւանդական դարձած այս արարողութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, պետական եւ մասնաւոր համալսարաններու վերատեսուչներ, երեսփոխաններ, կրթադաստիարակչական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի բոլոր մարզերէն դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններ, կրթական մշակներ։
Արարողութիւնը սկսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ օրհնութեան կարգը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։
Բոլոր ներկաները մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներու ջանքերուն շնորհիւ հայ ազգի զաւակները աճին ու հասակ առնեն որպէս Հայաստանի արժանաւոր քաղաքացիներ, հայոց եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ ու դառնան հայրենիքի յոյսը, ժողովուրդի բարօր ու պայծառ օրուան կերտողները։ «Ձեր աշխատանքով դուք նաեւ կրնաք մեր զաւակներու հոգիները դարձնել բերրի արտեր, եթէ հոգածութեամբ ու խնամքով, նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով իրականացնէք ձեր գործը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը ու մաղթեց, թէ կրթական մշակներուն ներդրած ջանքերը շարունակ արդիւնաւորուին, իսկ վաստակը միշտ արժանաւորապէս գնահատուի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողմէ։ Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ Տիրոջ օրհնութիւնը միշտ ուղեկից ըլլայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ զանոնք առաջնորդէ մանկավարժի պատուական ծառայութեան մէջ։