ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիոնա Ստերլիկովայի ստեղծած նորաձեւ հագուսներու ցուցադրութիւնը։
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան մտայղացման հեղինակ, հագուստի ձեւաւորող Ալիոնա Ստերլիկովայի համաձայն, ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել Արցախի գրաւչութիւնն ու անոր անաղարտ բնութիւնը, ազգային, աւանդական, մշակութային արժէքները:
«Այստեղ բարեբախտաբար այդ ամէնը պահպանուած է: Այդ պատճառով փափաքած եմ այս ցուցադրութեան միջոցով ընդգծել, որ իմ ձեւաւորական երկարափէշ շրջազգեստները այն հագուստներն են, որոնք անհրաժեշտ են եւ կը զարդարեն աւանդապահ կիները», ըսած է Ալիոնա Ստերլիկովա՝ աւելցնելով, որ ցուցադրութեան նպատակներէն մին է նաեւ արցախեան ազգային աւանդական արժէքները կարեւորել՝ մասնաւորապէս՝ արցախեան ձեռագործ գորգերու, հիւրասիրութեան ու այն ամէնուն արժեւորման, զորս իրենք պիտի ուզէին պահել իրենց սրտերուն մէջ եւ փոխանցել աշխարհին ու մարդկանց:
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան մասնակցած են քսանեօթ բնորդուհիներ: Հագուստներու ցուցադրութենէն յետոյ կայացած է աւանակներով մրցավազք, որուն մասնակիցները Ստերլիկով ամոլին կողմէ պարգեւատրուած են մետայլներով ու արժէքաւոր նուէրներով:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Ստեփանակերտի, Շուշիի բնակիչներ եւ այլ հիւրեր:
Բաց աստի, Ալիոնա Սդերլիգովա ռուս յայտնի մեծահարուստ եւ գործարար Կերման Ստերլիկովի կողակիցն է, որոնք ընթացիկ տարուան ամրան ընտանիքով տեղափոխուած եւ հաստատուած են Լեռնային Ղարաբաղ, Շուշի: